Իւրաքանչիւր անձի նման, մանուկն ալ ունի իր իւրայատուկ եւ անհրաժեշտ իրաւունքները, ինչպէս նաեւ՝ պարտաւորութիւնները:
Մանուկներու իրաւունքներէն են հետեւեալները.- ունենալ ծնողք՝ հարազատ թէ հոգատար, անոնցմէ ստանալ խնամք եւ գուրգուրանք, լաւ սնունդ առնել, առողջ մնալ, զուարճանալ, դպրոց յաճախել, զարգանալ եւ դաստիարակուիլ, արժանապատուութեամբ ապրիլ եւ կարեւորագոյնը՝ հեռու մնալ վտանգաւոր աշխատանքներէ: Մանուկներու պարտաւորութիւններէն են՝ յարգել իրենց ծնողքը, հնազանդիլ անոնց, յարգել ուսուցիչները, վարժարանի պատասխանատուներն ու օրէնքները, կիրթ եւ համեստ կերպով վարուիլ դասընկերներու եւ այլ շրջապատի պատկանող մանուկներու հետ: Սիրով եւ քաջալերանքով ներշնչուած մանուկ մը ինքզինք ապահով եւ ուրախ կը զգայ եւ ապագային օրինակելի մարդ կը դառնայ: Մարք Կիւլկիւլեան -------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------- Մանուկի մը իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները կարեւոր են որպէսզի ան ուրախ կեանք ապրի: Հայ մանուկին իրաւունքներն են հայկական դպրոց յաճախել եւ հայօրէն դաստիարակուիլ, իրաւունք ունի մաքուր բնակարանի մէջ ապրելու՝ իր ծնողքին հետ, բժիշկի երթալու՝ կարեւոր պատուաստներ ստանալու համար, սննդարար ուտելիքներ ուտելու՝ առողջ ըլլալու համար; Ան պէտք է հեռու մնայ նաեւ վայրագութենէ եւ ծեծէ, որովհետեւ գուրգուրանքի պէտք ունի, ինչպէս նաեւ մանուկ մը իրաւունք ունի խաղալու եւ պտտելու մաքուր բնութեան մէջ: Մանուկին պարտաւորութիւններն են՝ յարգել իր ծնողքը եւ ուսուցիչները, որովհետեւ անոնք կը զոհուին իրեն համար, մաքուր պահել իր տունը, դպրոցը եւ ճամբաները, ընկերներուն հետ զգուշութեամբ խաղալ, բծախնդրօրէն կատարել դպրոցի պարտականութիւնները եւ դասերը լաւ սորվիլ, մաքուր պահել իր մարմինը եւ համազգեստը, միշտ լոգնալ, երեկոյեան կանուխ ժամերուն քնանալ: Քրիստ Թաթօ -------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------- Աստուած կեանք շնորհեց մարդ արարածին, եւ ան իր ծնունդով ունեցաւ ապրելու իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ: Համշխարհային օրէնքին համաձայն, մանուկները ունին իրաւունքներ, նաեւ՝ պարտաւորութիւններ: Անոնց իրաւունքն է իրենց ծնողքէն գուրգուրանք, լաւ հոգատարութիւն ստանալ, եւ բացարձակապէս արգիլուած է ծեծել մանուկը եւ նաեւ պատժել զայն առանց ցոյց տալու անոր սխալը: Միշտ խրատական խօսիլ անոր հետ եւ ժամանակ յատկացնել անոր եւ յարգել զայն: Անոր համար պատրաստել հանգիստ մթնոլորտ՝ դպրոց յաճախելու եւ ուսանելու, որպէսզի երբ մեծնայ, պիտանի մարդ դառնայ եւ երբեք խտրութիւն կամ տարբերութիւն չդնէ մարդոց միջեւ: Նաեւ մանուկները պարտաւորութիւններ ունին, որոնց պարտին հետեւիլ: Պէտք է մանուկը հաւատարիմ ըլլայ ծնողքին: Ան պէտք է լրջօրէն հետեւի դպրոցի դասերուն, յարգէ իր ծնողքը եւ բոլոր անոնք որոնք տարիքով մեծ են, պէտք չէ միջամտէ մեծերու նիւթին, ըլլայ ճշմարտախօս, կոկիկ եւ տէր դառնայ իր առարկաներուն: Այսպիսով, երբ ամէն մարդ գիտնայ իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, կ՛ապրին համերաշխ եւ երջանիկ: Անժելինա Քեքլիքեան -------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------- Շատ անգամ, երբ մանուկ մը տեսնեմ փողոցը, որ կը մուրայ՝ դպրոց երթալու փոխարէն կամ ծաղիկ կը ծախէ, խաղավայրի մը մէջ խաղալու փոխարէն, առիթ կու տայ ինծի մտածելու, թէ մանուկ մը իրաւունքներ ունի, ապահով միջավայրի մէջ մեծնալ եւ ոչ փողոցները, ինքնաշարժներու մէջ: Մանուկի մը իրաւունքն է ուսանիլ, նոյնիսկ եթէ աղքատ է: Մանուկի մը իրաւունքն է ուրախ ըլլալ՝ ստանալով պէտք եղած սէրը եւ հոգատարութիւնը իր ծնողքէն, ազգականներէն եւ ամբողջ շրջապատէն: Մանուկի մը իրաւունքն է ունենալ ապահով խաղավայրեր: Մանուկի մը իրաւունքն է ստանալ ճիշդ սնունդ եւ հագուիլ մաքուր հագուստներ: Նաեւ յիշենք, որ մանուկ մը պարտաւորութիւններ ալ ունի, ինչպէս՝ մաքուր ըլլալ, իր շրջապատը մաքուր պահելով, հոգատար ըլլալ իր գործածած պիտոյքներուն՝ դասարանին կամ տան մէջ, նեղութիւն չտայ իր շուրջիններուն, այլ ըլլայ յարգալիր, լաւագոյնը տայ իր ուսման եւ ինքնազարգացման մէջ ռւ միշտ գոհունակ ըլլայ իր ունեցածովը: Սերժ Գիրազեան
0 Comments
«Ես, երկնքի փառաւոր բարձունքներէն կը շնչեմ իբրեւ ոգի մը անմահ, կը խօսիմ յաւերժական ձայնով: Ես, մեր հայոց պատմութեան պատուաբեր եւ պանծալի էջերէն յայտնուած մնայուն ներկայութիւն եմ»:
«Ես, հերոս Վարդան, ամբողջ հայ ազգին պատմութեան անհատականութեան ամրապնդման, հայադրոշմ դիմագիծի նորոգման, հայոց գիրով եւ մշակոյթով գոյութիւնը հաստատող ուղեգիծին դրօշն ու դրօշակակիրն եմ:» «Քրիստոնէութեան եւ հայրենիքի պաշպանութեան, քրիստոսադաւան հաւատքի անսասանութեան եւ հայ մշակոյթի յաւերժութեան դրօշակակիրն եմ: Քրիստոս, հայրենիք եւ ժողովուրդ նոյնացած են իմ հայկականութեան ըմբռնումիս մէջ, անոնցմով զօրացած եւ զօրացուցած իմ ժողովուրդս:» «Բայց, մենք մեր անցեալի արժէքներով հպարտանալով հանդերձ, Ես Վարդան Մամիկոնեան, աւա՜ղ, կ'ողբամ այսօրուան դրութիւնը, երբ հայրենիքը կը տառապի մշակութազրկութենէ, իսկ սփիւռքը՝ հոգեհան ամլացումէ եւ լճացումէ: Իմ հոգեւոր պատերազմս մղեցի հայրենի հողի պաշտպանութեան համար, քրիստոսով մեր հաւատքը ամրապնդելու համար: Սակայն մեր հոգեւոր շնորհքներուն սպառնացողները այսօր Քրիստոսի դէմ հաւատուրացումն է, նիւթապաշտութիւնն է, օտարամոլութիւնն է, օտար դպրոցներ յաճախելն է, օտար ամուսնութիւններ կնքելն է, մեղսակցութիւնն է, այլասերումն է: Գիտէ՞ք թէ կրօնափոխութիւնը քրիստոնէի մը համար Քրիստոսի առջեւ մահացու մեղանչում է, իսկ ազգի ըմբռնումով՝ հայրենադաւութիւն»: «Հիմա՞ ալ լռենք, եղբայրք, այս արհաւիրքներուն առջեւ. հիմա՞ ալ, ո՛չ, երբե՛ք. Մենք որ ունինք հոգի ու սիրտ քաջ. Ե՛կ անվախ ելնենք թշնամու առաջ: Ուխտեցէ՛ք, սիրելիներս, ինչպէս ես կատարեցի Աւարայրին մէջ, հաւատարիմ եւ կառչած մնալ Քրիստոսի եւ հայրենիքի հանդէպ անխախտ սիրոյն եւ այս սիրով տոգորուած ապրելու եւ մեռնելու: Զանազանեցէ՛ք չարը բարիէն, հոգեւորը նիւթէն, ճշմարիտը կեղծէն:» «Սթափեցէ՛ք այլեւս իմ արիւնս կրող հայրենակիցներս եւ 16 դար առաջ ապրած հայուն պէս դաւանեցէ՛ք որ մեր հայ ազգին գոյութեան եւ գոյատեւման հիմերն են Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատքը, հողը, լեզուն, Գիրը եւ մշակոյթը պահպանելը: Չմոռնա՛ք Եղիշէ Չարենցին խօսքը թէ մեր զօրութիւնը մեր միասնականութեան մէջն է: Կը յորդորեմ ձեզ չվհատիլ այսօրուայ «Յակերտներու» եւ հեթանոսներու բազմութենէն եւ ուժէն. Այլ զիրար սիրելով, պայգարեցէ՛ք իմաստութեամբ այն բոլոր սուտ վկաներուն դէմ որոնք ձեզ կը շեղեցնեն մեր հայու ինքնութենէն, մեր պապերու հաւատքէն, իմ հաւատքէս որուն համար արիւն թափելով ազգովին գոյապայքարի դիւցազներգութիւնը կերտեցինք»: «Ես միշտ ձեր սիրուած հերոսը, կը պատուիրեմ. Ո՛վ հայեր սեւերեցէ՛ք ձեր աչքերը հաւատքի պետին, Քրիստոսին որ ըսաւ.« Քաջալերուեցէ՛ք, ես յաղթեցի չարին». Նաեւ ամէն անձ թող ըլլայ նոր Վարդան մը, որ քաջաբար ո՛չ ըսէ քրիստոնէութենէ եւ հայութենէ հեռացնող բոլոր խորթութիւններուն: Ձեր փրկութիւնը կը կայանայ նոր Վարդաններ դառնալու մէջ: «Հաստատեցէ՛ք որ իմացեալ մահը, զոհաբերուող եւ ազգանուէր կեանքը անմահութիւն է, իսկ եսակեդրոն եւ մեղանչական կեանքը՝ մահ»: «Այս սրբազան պայքարին ուխտի օրն է այսօր. Ուրեմն, օ՛ն յառաջ. Սրբացէ՛ք եւ շարունակեցէ՛ք իմ քայլերովս Աւարայրի երթը: Փափաքս է որ գործադրէք այս անմահ պատգամս ամէնուր եւ ընդմիշտ»: Եղիկ Պետրոսեան Սիրելի հայ բանակին զինուոր,
Ես՝ Լորի Նիքոլեան, 8 տարեկան, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան յաճախող աշակերտուհի, հպարտ եմ քեզմով: Դուն մեր հայրենիքը պաշտպանող թշնամիին դէմ: Հայ զինուոր, քաջ զինուոր, Աստուած օրհնէ քեզ ու քու կամքդ զօրաւոր պահէ: Լորի Նիքոլեան *************************************************************************************************************************** Բարեւ մեր սիրելի Արցախի զինուորներ, Դուք մեր հայերուն պահապան հրեշտակն էք: Շատ շնորհակալ ենք, որ դուք ներկայ էք եւ կը պաշտպանէք մեզի, որպէսզի հանգիստ քնանանք: Դուք մեր հպարտութիւնն էք եւ Աստուած ձեզ թող միտշ պահապան ըլլայ՝ բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթեմ իմ քաջ զինուորներուն: Անթոնի Արզումանեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի հայ զինուոր, Գիտեմ որքան քաջ եւ հայրենասէր ես, քանի որ հայ ես: Աստուած փրկէ քեզ: Երբ մեծնամ քեզի պէս զինուոր պիտի ըլլամ, որպէսզի պաշտպանեմ իմ հայրենիքս: Ռայան Իտ *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ, քաջ զինուորներ, Ձեր արիւնը անմահ է: Սիրտն է հայ ժողովուրդին որ քաջ զինուորներ, որ ձեր հայրենիքը ցիշեր-ցերեկ կը պաշտպանէք: Աստուած ձեզ օրհնէ եւ պահպանէ մեր անյաղթ թշնամիներէն: Դուք էք Հայաստանի փայլուն լոյսն ու աստղը: Կամք եւ ուժ ըլլայ ձեր վրայ: Դուք էք սարերը մեր, յաղթող դրօշակները: Բայց մեր միասնական ուժը բանալին է յաղթութեան: Իբրեւ իմ վերջին խօսքս ձեզ հայ ու քաջ զինուորներ յաջողութիւն բերէ Աստուած ձեր հոգիներուն մէջ: Լարա Գասէմճեան *************************************************************************************************************************** Մեր քա՛ջ հայ զինուոր,
Իմ անունս Գարմէն է, եւ 8 տարեկան եմ եւ կ'ապրիմ Լիբանան: Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ծառայութեան եւ անվախութեան: Դուք շատ քաջ էք եւ ուժեղ. Եւ ալ ձեզմով ուժեղ եմ: Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, կը մաղթեմ նաեւ, որ այլեւս պատերազմներ չըլլան, որպէսզի բոլորս խաղաղ ապրինք: Գարմէն Եագուպ *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ զինուոր, Դուն կը պաշտպանես մեր հայրենիքը, մենք քեզմով կը հպարտանանք, որովհետեւ թշնամիին դէմ կը կռուիս եւ կը պահես Հայաստանը: Այսօր Հայաստանըկայ եւ պիտի մնայ շնորհիւ քեզ: Գիշեր ցերեկ կը հսկես մեր հողերը եւ հայութիւնը: Դուն միշտ քաջ ես, որովհետեւ ունիս հայու խիզախ ոգի, կը մաղթեմ առողջութիւն եւ յաջողութիւն, քեզ միշտ սիրող եւ յարգող` Քրիսթ Տուտագլեան *************************************************************************************************************************** Հայ զինուորները քաջ են: Անոնք զինուոր եղած են եւ հեռացած իրենց ընտանիքներէն, որպէսզի պայքարին, կռուին եւ պաշտպանեն մեր քաղաքը: Հայ զինուորները միշտ քաջ կ'ըլլան, պատրաստ թշնամիներուն դէմ կռուելու, անոնք ամէն տեսակէտով մարզուած են, որ պաշտպանեն իրենց հայրենիքը: Ես շատ կը սիրեմ հայ զինուորները, որովհետեւ առանց իրենց հայրենիքը ըմաստ չունենար: Ռիթա Բէբէեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի հայ զինուոր, Իմ սիրելի քաջարի հայ զինուոր, դուն ձգեցիր տունդ եւ ընտանիդ ազգիդ համար, կը պայքարիս թշնամիին դէմ, որ մենք ունենանք ազատ անկախ Հայաստան: Հպարտ եմ, որ արի զինուորներ ունինք, որոնք կը պաշտպանեն մեր սահմանները: Աստուած ձեր հետ ըլլայ ամէնուրէք: Ես քաջ Անդրանիկին թոռն եմ: Երբ մեծնամ, կը փափաքիմ ձեզի պէս զինուոր ըլլամ, պաշտպանեմ հայրենիքս, կրօնքս ու լեզուս: Կեցցէ՛ք հայ զինուորներ: Կի Գալուստ *************************************************************************************************************************** Ո՛վ քաջ հայ զինուոր, Այս երախտագիտական նամակովս, ես քեզի շատ մեծ շնորհակալութիւն մը պիիտ յայտնեմ: Դուն ես, որ քու արեամբդ, կը պաշտպանես Հայաստանը՝ մեր մայրենի հայրենիքը: Առանց քեզի Ղարաբաղն ալ պիտի գրաւուէր թշնամիին կողմէ, բայց դոպն քու արեան վերջին կաթիլով նոյնիսկ կը պայքարիս: Շատ արդար է, որ քու անունդ կը յիշուի դարէ-դար, սերունդէ-սերունդ, քանի որ, ինչ ալ ըլլայ չես հրաժարիր հայրենիքէդ: Ո՛վ հայ զինուոր, մենք՝ հայերս, միշտ հպարտ կը զգանք ձեզի պէս բանակ մը ունենալով, որովհետեւ առանց ձեզի մենք այսօր ձուլումի ենթարկուած պիտի ըլլայինք: Կարօ Սահակեան *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ զինուոր, Գիտեմ, որ ընտանիքդ ձգած գացած ես կռուելու հայրենի հողը պաշտպանելու համար: Շնորհակալութիւն կը յայնեմ քեզի, հայրենիքիդ տէր կանգնելու համար: Ալիք Ազնաւուրեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի հայ զինուոր, Ես քեզ չեմ ճանչնար, բայց քու մասիդ շա՜տ լսած եմ եւ քու նկարներդ կը տեսնեմ: Դուն քաջ ես եւ կեանքիդ գնովը մեր հայրենիքը կը պաշտպանես: Ես ալ քեզի նման կը պաշտպանեմ հայրենիքս հայերէն դասերս լաւ սորվելով: Շնորահակալութիւն կը յայտնեմ քեզի: Սիրով` Հրակ Գլընճեան *************************************************************************************************************************** Ո՛վ քաջ հայ զինուոր, Շնորհիւ քու քաջութեանդ, հայրենիքս ապահով կ'ապրի: Դուն կը պաշտպանես մեր քրիստոնէութիւնը: Գիտենք, որ անցեալ տարի թշնամիդ դէմ ճակատ բռնած քաջ ընկերնրովդ շպրտեցիր զինք կեանքիդ գնովդ հայրենիքէդ դուրս: Անի Թաշճեան *************************************************************************************************************************** Բարեւ հայ զինուոր, Իմ հայրենիքիս պաշտպան: Այս պատճառով կու գամ քեզի, յայտնելու իմ շնորհակալութիւններս, քեզի եւ բոլոր հայ զինուորներուն: Ուրախ եմ որ դուք կաք: Ձեր պատճառով ունինք հզօր եւ անկախ հայրենիք մը: Ես ամէն օր կ'աղօթեմ Աստուծոյ, որ ձեզ պահէ եւ պաշտպանէ: Հպարտ եմ ձեզմով: Ձեզի միշտ սիրող Ռիթա: Ռիթա Կէօզիւկիւչիւքեան *************************************************************************************************************************** Ես Անդրէաս Տէր Յարութիւննեանն եմ, Լիբանանէն, Կու գամ ձեզ շնորհաւորելու հայ զինուորներ, որ գիշեր ու ցերեկ կը հսկէք մեր հայրենիքի սահմանները: Դուք յաճախ մեր սահմանին վրայ թշնամիին դէմ զոհ կու տաք վասն հայրենիքի պաշտպանութեան: Աստուած ձեր ուժը ու քաջութիւնը պահպանէ: Անդրէաս Տէր Յարութիւնեան *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ զինուոր սիրելի, Շնորհակալ եմ ես քեզի, որ մեր հայրենիքի սիրոյն պատրաստ ես մինչեւ կեանքդ զոհելու. Գիշեր ցերեկ հսկելով եւ անքուն մնալով, որ մենք եւ մեր հայրենիքը ապրի խաղաղ եւ ուրախ: Ես ալ քեզմէ օրինակ առնելով՝ հայրենիքս կը պաշտպանեմ հայերէն եւ հայոց պատմութեան դասերս լաւ սորվելով: Սարգիս Նազլիքեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի՛ հայ զինոուր, Ես՝ Նաթէլ Էզաճեան երրորդ դասարանի աշակերտուհի Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի, կ'ուզեմ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որ ընտանիքդ եւ տաքուկ անկողինդ ձգելով, գիշեր-ցերեկ կը պաշտպանես մեր հայրենիքը: Հպարտ եմ քեզմով, որ կառչած ես հողիդ, կը կռուիս արեանդ գնով զայն պահպանելու համար: Քու շնորհիւդ է, որ այսօր հայրենիքս ապահով ձեռքերու մէջ է: Աստուած հետդ հայ զինուոր: Կ'աղօթեմ քեզի համար, որ մնաս առողջ եւ անփորձանք վերադառնաս ընտանիքիդ: Նաթէլ Էզաճեան *************************************************************************************************************************** Բարե՛ւ, սիրելի՛ հայ զինուոր, Ես Հրակ Թառայեանն եմ, ութ տարեկան եմ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի Գ. կարգի աշակերտ եմ եւ հայոց լեզուն ու հայոց պատմութիւնը շատ կը սիրեմ: Եղբայրս՝ Արեգը, հինգ տարեկան է եւ մեր երկուքին երազն է մեծնալ եւ հայ զինուոր դառնալ, պաշտպանել մեր հայրենիքին սահմանները եւ ազատագրել Հայաստանը բոլոր թշնամիներէն: Այս նամակովս կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որ կեանքդ կը վտանգես մեր սիրելի հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին համար: Կ'աղօթեմ, որ Աստուած պահէ, պաշտպանէ քեզ եւ բոլոր հայ զինուորները եւ իրականացնենք մեր բոլորին երազը՝ Ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանը: Բարեւներս եւ համբոյրներս հասցո՛ւր սիրելի մօրդ, որ ծնած է քեզի պէս հերոս: Կեցցե՛ն հայ մայրերը: Հրակ Թառայեան *************************************************************************************************************************** Բարեւ սիրելի հոծիս պաշտպան հայ զինուոր, Շատ մեծ հպարտութիւն եւ պարծանք կը զգամ, երբ գիտեմ հայոց սահմանը կը հսկեն ձեզ նման ուժեղ, խելացի, անվախ եւ հայրենասէր զինուորներ: Հայ հերոսներ, շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել ձեզի, որ հակառակ ձմրան սաստիկ ցուրտին դո՛ւք կանգնած՝ կը պաշտպանէք մեր սահմանները թշնամու ձեռքէն: Դուք որ ձեր կեանքի գնով կը պահէք մեր սուրբ հողը, գիտեմ որ ձեր ուսերուն վրայ կը կրէք ազգին ապահովութիւնը: Առանց ձեզ չկայ ո՛չ ազգ, ո՛չ պետութիւն: Կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ միշտ ձեզի հետ ըլլայ եւ կատարէք ձեր սուրբ երդումը եւ ողջ առողջ վերադառնաք ձեր ծնողներուն եւ սիրելիներուն: Բոլոր սրտովս կը մաղթեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեզի հետ ըլլայ: Յաւերժ փառք ձեզի հայ զինուորներ: Սէրլի Թէրզեան *************************************************************************************************************************** Իմ սիրելի հայ զինուոր, Դուն ես պաշտպանը մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին, հեռու ես ընտանիքէդ եւ ծնողքէդ, արթուն աչք մը ըլլալով քու հայրենիքդ կը պաշտպանես մեր թշնամիներէն: Սիրելի՛ զինուոր քեզի կը մաղթեմ յաւելեալ յաղթանակներ եւ անվնաս վերադարձ քո մօր գիրկը: Դալար Մայիսեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի հայ զինուոր,
Դարձեալ ժամանակը եկած է, որ մեր հայրենիքը պաշտպանութեան համար պատերազմի ճակատին վրայ զինուած կանգնած ես: Կը պայքարիս մեր հայրենի սուրբ հողի պաշտպանութեան համար: Մեր Արցախը կը փորձեն կրկին խլել դաժան թշնամիները: Շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել քու ծնողքիդ, որովհետեւ քեզ նման քաջ ու նուիրեալ զաւակ ծնած եւ դաստիարակած են: Դուն հերոս մըն ես մեր ժողովուրդին համար: Շնորհակալ եմ, որ հոգիիս մէջ հայրենասիրութեան բոցը կը լուսաւորես: Ես քեզ կը սիրեմ բոլոր սրտովս: Սթեֆանի Գարակէօզեան ----------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------- Սիրելի հայ զինուոր, Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ մինչեւ վերջին շունչդ Հայաստանի սահմանները պաշտպանեցիր: Ես Լիբանանէն հայ աշակերտուհի մըն եմ, որ կ'ուզեմ հայերէնս լաւ սորվիլ, որ հայրենակիցներուս հետ միշտ մայրենիով խօսիմ ու արտայայտուիմ: Շատ հերոսներ զոհուեցան սահմաններուն վրայ: Լուրերը հասան եւ մենք միայն ձեզի նուիրուած յարգանքի դասեր եւ ձեռնարկներ ունեցանք: Այս նամակը կը գրեմ յարգանքս փոխանցելու համար քեզի, բոլոր զինուորներուն եւ բոլոր զոհուած հերոսներուն: Գիտնաք, որ աշխարհի չորս կողմէն կը յիշուիք եւ շնորհակալ ենք որ կաք ու կը մնաք պաշտպանելու հայերն ու Հայաստանը: Դալար Գլընճեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր՝ իմ ազգի պարծանք, Այս նամակով կ'ուզեմ իմ անսահման շնորհակալութիւնս յայտնել քեզ: Դուն յաղթական բազուկով, բարձր ճակատով միշտ արթուն կանգնած, կը հսկես սահմանը հակառակ սառնամանիք եղանակին: Այնքան հպարտ եմ, որ հայուհի եմ եւ ունիմ քեզ նման եղբայրներ, որոնք աննկուն կամքով ու արիութեամբ կարող են լռեցնել հակառակորդին, ձախողեցնել անոր ոտնձգութիւնները եւ խաղաղութիւն պարտադրել սահմանին: Կ'աղօթեմ որ դուն անվտանգ կատարես քու սրբազան պարտքդ եւ ողջ-առողջ տուն վերադառնաս: Մենք ազգովին կողքիդ ենք իմ հերոս եղբայր: Փառք ու պատիւ քեզ որ հայրենիքին համար չես խնայեր քու թանկագին կեանքդ: Վստահ եղիր, որ նոր սերունդը համակուած է հպարտութեամբ եւ բռունցքուած քու յաղթական ժպիտիդ շնորհիւ: Եւ երբ գայ զոհաբերութեան ժամը, անոնք պատրաստ են փութալու մեր մայր հողի փրկութեան: Իմ քաջ զինուոր, առանց քեզ՝ չկայ ազգ, չկայ հայրենիք: Կասիա Լեւոնեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի զինուոր մեր հայկական բանակի, Թէեւ քեզ չեմ ճանչնար, բայց շատ ուրախութեամբ կը գրեմ քեզի երախտապարտութիւնս յայտնելու քու կատարած գործիդ: Մեր հայոց բանակը ուժեղ է ու զօրաւոր շնորհիւ քեզի նման քաջարի զինուորներու, որոնք անխտիր իրենց ընտանիքներէ բաժնուած գացած են պաշտպանելու մեր հայրենիքի սահմանները: Ես սփիւռքահայ պատանի մը ըլլալով կը յաճախեմ հայկական վարժարան, որպէսզի իմ կարգիս սորվիմ հայ լեզուն եւ այդ ձեւով կարենամ հայ մնալ եւ պահպանել հայ ազգը սփիռքի մէջ: Աստուած ձեր ուժն ու կարողութիւնը աւելցնէ եւ ձեր ընտանիքներուն համբերութիւն տայ: Տաւիտ Սամլաքեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի զինուոր, Վարժարանի հայոց պատմութեան ուսուցիչը ձեր ու ձեր բարեկամներուն մասին շատ երկար զրուցեց: Հիմա կը հասկնամ ինչու դուք ձեր կեանքը կը զոհէք: Մենք շատ հպարտ ենք ձեզմով: Շնորհակալութիւն, որովհետեւ մեր քրիստոնէութեան, մեր լեզուին, մեր երկրին ու ազգին համար կը պայքարիք քաջաբար, առանց մտահոգուելու վէրքերէն եւ նաեւ մահէն: Միշտ քաջ եղէք, մի՛ վախնաք, որովհետեւ Աստուած ձեր հետն է: Ճիշդ է, որ դուք հեռու էք աչքով, բայց ո՛չ սրտով: Մեր երկրին հպարտութիւնն էք: Բերլա Փիւսկիւլեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Դարձեալ ժամանակը եկած է, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատերազմի ելլես զինուած, ձգած մայրդ, հայրդ, քոյրդ, եղբայրդ, տիկինդ ու զաւակներդ, կը պայքարիս մեր հայրենի սուրբ հողի պաշտպանութեան համար: Դուն ձգած տաքուկ անկողինդ, քաջաբար կը դիմադրես Ատրպէյճանցիները, որպէսզի Արցախի ծերունիները հանգստօրէն քնանան ու երեխաները ազատօրէն խաղան: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզ ո՛վ քաջ զինուոր եւ կ'ուզեմ համբերութիւն յայտնել ծնողքիդ եւ կը վստահեցնեմ իրենց որ դուն արդէն մեծ հերոս մըն ես մեր հայ ժողովուրդին հանդէպ: Շնորհապարտ եմ, որ հոգիիս մէջ հայրենասիրութեան բոցը կը լուսաւորես: Ամէն օր կը յիշեցնես ինծի, թէ ինչո՞ւ պէտք է հայկական դպրոց յաճախեմ եւ ինչո՞ւ պէտք է ինքնութիւնս պահպանեմ: Շարունակեցէ՛ք ձեր սուրբ գործը, որ «շուն թուրքը իմանայ հայը կար, կայ ու կը մնայ քաջ, անվախ եւ հաւատարիմ իր երկրին ու իր ազգին»: Լիզա Հայրապետեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Որքան ժամանակ անցաւ եւ ես կը մտածեմ ինչպէս շնորհակալութիւն յայտնել ձեր կատարած բոլոր զոհողութիւններուն համար եւ վերջապէս կրցայ գտնել ձեւ մը բոլոր զգացումներս ձեզի հանդէպ արտայայտելու, որն է այս նամակը: Դուք էք մեր յոյսը ապրելու, դուք էք որ ժպիտ կը ստեղծէք մըր դէմքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ դուք էք մեր հայրենիքին արմատները, ծառը առանց արմատի գոյութիւն չունի, նոյնպէս ալ հայրենիքը գոյութիւն չունի առանց ձեզ: Ամէն մէկ վայրկեան ձեր մասին կը մտածեմ եւ ձեր մայրերուն մասին. Արդեօ՞ք հայ զինուորին մայրը ի՞նչպէս կրնայ դիմանալ իր զաւակին բացակայութեան: Վստահ եմ, որ զինուորը պատերազմի ժամանակ միայն իր մօրը մասին կը մտածէ: Մենք կարող չենք այդքան ատեն բաժնուիլ մեր ընտանիքներէն, որովհետեւ ձեզի նման ուժ չունինք: Թող Աստուած ձեզ պահպանի սիրելիներ: Արփի Թապաքեան Սիրելի հայ զինուոր,
Այս նամակով քեզ կը յայտնեմ իմ անսահման շնորհակալութիւնս: Վստահ եմ, որ դուն միշտ արթուն կանգնած կը հսկես Հայաստանի եւ արցախի սահմանները: Ես պաշտպանուած կը զգամ, լորովհետեւ գիտեմ որ սահմանը հսկուած է արի զինուորի կողմէ: Թանկագին հայ զինուոր, եթէ թշնամին յարձակի սահմանին վրայ, դուն եւ եղբայրներդ քաջութեամբ կը պաշտպանէք մեր երկիրն ու ազգը: Սիրելի Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի զինուոր, շնորհաւոր ըլլայ քու տօնդ: Կ'ուզեմ որ բոլորդ յաղթական վերադառնաք ձեր սուրբ տունը: Սինթիա Նազլիքեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Նամակ հայ զինուորին, Ո՛վ հայ քաջ զինուոր, մեր սրտի խորերէն կ'ուզենք մեր խորին յարգանքով շնորհակալութիւն յայտնել ձեր վսեմ առաքինութեան: Դուք մեր ուժն էք, մեր պարծանքը: Հայաստան երկրի ու Արցախի պաշտպանն էք: Մեր մայր հողի տէրն ու պահապանն էք: Հայ ազգին թիկունք կանգնող եւ յարատեւ պահող շունթն ու ոգին էք: Դուք հայ հերոսներ, հայ կտրիճներ, արիասիրտ քաջազուն տղաք: Դուք հպարտութիւն՝ բոլոր հայերուն եւ յոյսի ծնունդ անվեհեր բանակին: Հազար փառք ձեզի: Նանոր Առնէլեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուորներ Արցախի, Ես շատ հպարտ եմ ձեզմով եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի: Ես հայ պատանի մըն եմ Լիբանանէն, որ կը յաճախեմ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարան: Շատ կը սիրեմ եւ իմ երազս է Արցախ ճամբորդել, տեսնել Մամիկն ու Պապիկը, կ'ուզեմ այցելել նաեւ այդ շրջանները, ուր մեր ազատամարտիկները պայքարեցան ազերիներուն դէմ՝ Շուշի, Մարտունի, Գանձասար... Վերջապէս, ամէն հայ պատանիի երազն է այցելել իր պապենական հողերը: Յոյսով եմ, որ օր մը միասին կը տօնենք հայրենիքի ամբողջական ազատագրուած ըլլալու տօնը՝ մեր հայկական երագոյնը պարզելով Արարատի փէշերուն: Հռութ Քիւրիմլեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Որքան ալ խօսիմ կամ գրեմ, տողերը բաւարար չեմ նկատեր արտայայտելու ձեզի պէս հայ քաջ զինուորի մասին: Դուն բաժնուեցաւ քու ընտանիքէդ, քու ընկերներէդ եւ որոշեցիր զէնքը ձեռքիդ իջնել պատերազմի դաշտ, ցուրտին, անձրեւին եւ բոլոր դժուարութիւններուն տակ մեր հայրենիքի հողը պաշտպանելու եւ մեր հանգիստը ապահովելու համար: Աստուած հետդ ըլլայ ո՛վ հայ զինուոր, քեզի պաշտպանէ բոլոր չար թշնամիներու յարձակումներէն եւ թող Արարատ լեռը կանգուն մնայ քու հովանիիդ տակ: Քրիսթ Մելիտոնեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Ո՛վ քաջ Արցախի զինուորներ, Դուք կրնաք պաշտպանել Արցախը, որովհետեւ դուք զօրագունդ մըն էք մեր թշնամիին դէմ, որ կ'ուզէ Արցախը գրաւել: Մեր մէկ ափ հողը շատ սուղ է եւ թանկագին, հայ զինուորներ թոյլ մի՛ տաք, որ թշնամին պարծանք զգայ մեր Արցախի հողերով, ձեր ճակատը բարձրացնելով պիտի զօրականգնինք: Վստահ եմ, որ թշնամին պիտի չկարենայ ոտք դնել ազատագրուած հայու արիւնը տեսած հողին վրայ: Իմ աղօթքներուս մէջ ձեզ կը յիշեմ, յոյսով որ օր մը երագոյն դրօշը ձեռքիդ պիտի ուրախացնես Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան: Սարին Տէմիրճեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Այս նամակը կը գրեմ քեզի, սիրտս լեցուն յուզմոնքով եւ երախտապարտութեամբ: Վստահ ճակատի վրայ շատ դժուարութիւններ կը դիմագրաւես, ըլլայ բնութեան կարծրութիւնը կամ ալ վայրին անհանգստութիւնը, անոր կողքին վատ կացութիւնը, որ ձեզի արթուն կը պահէ գիշեր ու ցերեկ, բայց քու եւ ընկերներուդ զոհողութիւնները ապարդիւն չեն, որովհետեւ դուն մեզի առիթը կու տաս ապահով կեանք ունենալու: Սրտանց կ'աղօթեմ, որ Տէրը ձեզի փորձանքներէ հեռու պահէ եւ մեր երկրին խաղաղութիւն պարգեւէ, մաղթելով որ բարով շուտով միանաս սիրելիներուդ: Յովսէփ Գիրազեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի Արցախի զինուորներ, Այսօր ձեր պատճառով է, որ Արցախը կանգուն է, օր ու գիշեր արթուն պայքարեցաք եւ կը պայքարիք: Տառապանքը, հալածանքը, կարօտը, մահուն եւ անքուն գիշերները սովորական երեւոյթներ են ձեզի: Հայրենիքիդ տէրը եւ պաշտպանը դուք էք ով հերոսներ: Ձեր պայքարը թող ըլլայ յաւերժ, ձեր յաղթանակը պատիւ է հայ ժողովուրդին: Միրէյ Պէօյիւքեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Բարեւ ձեզ սիրելի Արցախի հայ զինուորներ, Ճիշդ է որ ձեզ չեմ ճանչնար, սակայն ամէն օր հեռատեսիլէն եւ համացանցէն կը դիտեմ ձեր կատարած քաջագործութիւնները: Հպարտ եմ, որ իմ հայրենիքս ունի ձեզի նման քաջ եւ հաւատարիմ զինուորներ, որոնք պողպատի նման կանգնած կը պաշտպանեն մեր սահմանները: Ես ամէն օր կ'աղօթեմ ձեզի համար եւ պատրաստ եմ, երբ մեծնամ, միանալու եւ կանգնելու ձեր կողքին: Ձեզի ամէն բարիք փափաքող Գարլ Պէրպէրեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Ես 13 տարեկան հայ պատանի եմ, այս նամակով կը ցանկանամ իմ անսահման շնորհակալութիւնը յայտնել քեզ: Ես քու կողքիդ չեմ, բայց կը տեսնեմ եւ կը լսեմ քաջագործութիւններդ եւ հպարտանքով քեզ կ'անուանեմ հերոս: Քեզմով ապահով կը զգանք: Քեզի կը մաղթեմ երկար կեանք, յարատեւ պայքար, ուժ կարողութիւն եւ փորձանքներէ հեռու օրեր: Մեղրի Պոյաճեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Ես 12 տարեկան հայուհի եմ, կը գրեմ այս նամակը Լիբանանէն: ԱՅս նամակով խօսքս կ'ուղղեմ բոլոր հայ զինուորներուն, որոնք կանգնած կը պահպանեն հայրենի հողը: Հպարտ կը զգամ երբ հայ կտրիճներ կանգնած իրենց արեան գինով կը պայքարին մեր հողին համար՝ թողած իրենց տունն ու ընտանիքը: Կը մաղթեմ ձեզի երկար կեանք, առողջութիւն եւ յարատեւ պայքար: Սէրլի Նեմշէհիրլեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի զինուոր եղբայր, Յուզմունքով կը գրեմ այս նամակը քեզի, ընտանիքդ եւ տունդ ձգելով գացած ես հայրենիքդ պաշտպանելու: Կը մաղթեմ քեզի որ բարով վերադառնաս տունդ եւ միանաս ընտանիքիդ: Հպարտ կը զգամ քեզմով, ամէն գիշեր պիտի աղօթեմ որ Աստուած պահէ ու պահպանէ քեզ եւ խաղաղութեան մէջ ապրի մեր հայրենիքը: Կարէն Պոյաճեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Ամէն գիշեր երբ կ'աղօթեմ կը մտածեմ ձեր մասին: Դուք շատ քաջ էք եւ ուժեղ: Դուք անվախ եւ քաջաբար կը կռուիք թշնամիին դէմ եւ շատ միջոցներ ունիք մեր հայրենիքին սահմանները պաշտպանելու համար: Ես տեսայ, թէ ինչպէս կը սողաք, կը մագլցիք, կը կռուիք, որպէսզի պաշտպանէք մեր հայրենիքը: Դուք էք, որ կը պատժէք մեր թշնամին: Ես հայրենիքս կը պաշտպանեմ պահպանելով իմ մայրենի լեզուս եւ մշակոյթը, սորվելով մեր պատմութիւնը: Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, ուժ կարողութիւն, յարատեւ յաջողութիւն եւ երկար կեանք: Ես շատ հպարտ եմ ձեզմով: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, որովհետեւ կը պաշտպանէք մեր հայրենիքը եւ չէք արտօներ, որ թշնամին յարձակի Հայաստանի վրայ: Քրիսթին Տէր Յարութիւնեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուորներ, Անունս Սեզար Եագուպ է: Ամէն գիշեր երբ կ'աղօթեմ կը մտածեմ ձեր մասին: Դուք անվախ եւ քաջաբար կը կռուիք թշնամիներուն դէմ եւ ձեր արեան գնով կը պաշտպանէք մեր հայրենիքին սահմանները՝ ձգելով ձեր տաքուկ անկողինները եւ ձեր ընտանիքները, որպէսզի ապահովէք ծերունիներուն հանգստութիւն եւ փոքրիկներուն ապահովութիւն: Շնորհակալ եմ, որ հոգիիս մէջ հայրենասիրութեան բոցը կը լուսաւորէք: Ես իմ կարգիս, կը յաճախեմ հայկական վարժարան, կը գրեմ, կը կարդամ, կ'աղօթեմ եւ կ'երգեմ հայերէն: Սեզար Եագուպ -------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------- Արի, քաջ եւ խիզախ հայ զինուորին, Ազգ մը պահողը ինքնութիւնն ու ազգային նկարագիրը հաստատ պահելն է մեծարժէք գործն է, որ կ'ընեն միայն քաջերն ու հայրենասէր եւ ազգասէր ոգի ունեցողները, ինչե՜ր չենք կրնար խոստովանիլ երբ այս բոլորը կը վերաբերի հայ զինուորի մը: Մեր նախահայրերէն սորված ենք ու ժառանգած ենք հայրենիքի համար կռուիլ ու զոհուիլ: Հայկ նահապետ ինքն էր առաջինը, որ կռուելով թշնամի Բէլի դէմ կերտեց հայն ու Հայաստանը: Վերջերս Արցախի քառօրեայ պատերազմին, մենք դարձեալ տեսանք, թէ հայ զինուորը ինչպէս առանց մտածելու, հաւաքած իր ուժերը, զէնքը ձեռքին ուղղուեցաւ թշնամի ազերիին դէմ, որ կը փորձէր դարձեալ Արցախի խաղաղութեան սպառնալ: Հայ քաջ մարտիկը, անվախ ու ինքնավստահ նորէն ինքզինք նետեց պատերազմի ճակատ, որովհետեւ ան շատ լաւ գիտէ թէ ինչ է հայրենիքը, հայութիւնը Արցախն ու հայուն պատիւը,քաջ զինուորը ճակատը բաց կանգնեցաւ ազերիին դէմ, ըսելու համար որ միշտ պատրաստ ենք մեր հողերը պաշտպանելու եւ դուրս վռնտելու բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն մեր սահմաններէն ներս մտնել: Քեզ հազար փառք հայ զինուոր: Կարօ Զէնճիրճեան Ողջոյն հայ հերոսներ,
Դուք էք մեր հայ արի ու քաջ զինուորները: Եթէ դուք չըլլայիք, մենք հայ ու քրիստոնեայ չէինք ըլլար: Դուք էք, որ պաշտպանեցիք պատմական Հայաստանի սահմանները: Դուք էք մեր հին ու նոր պատմութեան հերոսները: Զոհուեցաք եւ ձեր արիւնը թափեցիք մեզ համար եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն համար: Դուք էք մեր հայ արի, քաջ, ոչ պատերազմասէր այլ ձեր բարի սիրտով, որ չարչարուեցաք թշնամիին ձեռքէն: Եւ բոլոր հայերս միշտ ձեզ պիտի քաջալերենք: Եւ նոր սերունդները ըլլան զինուոր եւ շարունակեն հայ քաջ զինուորներու գործը: Լոռի Քիրէճեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Դարձեալ ժամանակը եկած է, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատերազմի ճակատին վրայ զինուած կանգնած ես, ետիդ ձգած՝ մայր, հայր, քոյր, եղբայր, կողակից եւ զաւակ, կը պայքարիս մեր հայրենի սուրբ հողի պաշտպանութեան համար: Մեր սիրելի Արցախը կը փորձեն կրկին խլել դաժան թշնամիները: Դուն, ձգած տաքուկ անկողինդ, քաջաբար կը դիմադրես Ատրպէյճանցիներուն, որպէսզի Արցախի ծերունիները հանգստօրէն քնանան ու երեխաները ազատօրէն խաղան: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ծնողքիդ, որովհետեւ քեզի նման քաջ ու նուիրեալ զաւակ ծնած եւ դաստիարակած են: Համբերութիւն կը մաղթեմ մօրդ, հօրդ եւ կը վստահեցնեմ իրենց, որ դուր արդէն մեծ հերոս մըն ես մեր ժողովուրդին համար: Քու եւ զինակիցներուդ ծնողները հպարտ են ձեզմով, ինչպէս նաեւ ես եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Կը խոնարհինք ձեր եւ ձեր մայրերուն առջեւ... Անհուն երախտագիտութիւն կ'ուզեմ յայտնել քեզի՝ քու անվախութեանդ եւ խիզախութեանդ համար:Փառք եւ պատիւ քեզի եւ քեզի նման բոլոր ներկայ հայ զինուորներուն եւ անցեալի մեր ֆետայիներուն: Դուն պատերազմի դաշտ կ'երթաս, բայց հզօր ու սուրբ հայրենիքը կը պաշտպանես, հաւասար ես ժամանակակից ֆետայիի պատիւին: Առանց քեզի նման հայրենասէր զինուորի, դժուար է պաշտպանել մեր թանկագինԱրցախը, Շուշին, Ստեփանակերտը յաւերժ Գետաշէնը: Շնորհապարտ եմ, որ հոգիին մէջ հայրենասիրական բոցը կը լուսաւորես: Յակոբ Գոճայեան -------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------- Սիրելի հայ զինուոր, Հպարտ եւ պաշտպանուած կը զգամ, երբ գիտեմ, որ հայոց սահմանը կը պաշտպանէք թշնամիին անսպասելի յարձակումներէն: Խելացի, անվախ հայ զինուոր կ'ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել քեզի անձնազոհ կեցուածքիդ եւ հպարտ քալուածքիդ համար: Ձեր ուսերուն վրայ է ամենամեծ պարտականութիւնը՝ հայրենիքի պաշտպանութիւնը, եւ մեր հայրենիքը իր քաջ զինուորներով անպարտելի է: Ձեր հնարամիտ քայլերով կարող էք փրկել ամբողջ ազգ մը: Դուք էք իսկական մարտիկները, որոնք կը պայքարին յանուն ազգին հանգստութեան եւ խաղաղութեան: Սիրելի հայ զինուոր, ամէն օր կ'աղօթեմ կեանքիդ համար, կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ ձեր սրբազան առաքելութիւնը կատարէք ողջ եւ առողջ տուք վերադառնաք եւ ձեր ծնողքն ալ ձեզմով հպարտանան եւ ուրախանան: Ձեզի կը մաղթեմ խաղաղ ծառայութիւն, առողջութիւն, ուժ եւ ամուր կամք: Սերուժ Տօնանեան ------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------ Սիրելի հայ զինուոր, Այս նամակը քեզի կ'ուղղեմ, շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որովհետեւ դուն տունէդ եւ ընտանիքէդ հեռացար, որ երթաս եւ մեր հողերը պաշտպանես վատ թշնամիէն: Շատ հպարտ եմ քեզմով, որովհետեւ առանց քեզի պիտի չկարենայինք վերատիրանալ մեր բոլոր իրաւունքներուն եւ մեր գրաւուած հողերուն: Երբ քեզ կը յիշեմ, կը յիշեմ բոլոր չարչարանքները, զորս կրեցիր եւ բոլոր կռիւները, զորս մղեցիր հայրենիքդ պաշտպանելու համար: Դուն միշտ պատրաստ ես կեանքդ եւ արիւնդ զոհելու երկրիդ մշակոյթին եւ ազգին համար: Դուն մեր արիւնն ես, մեր արիւնէն ալ աւելի թանկ: Ես շատ կը յարգեմ ու կը պատուեմ քեզ՝ ո՛վ հայ զինուոր, նաեւ՝ քու անձնազոհութիւնդ եւ քաջութիւնդ: Կը մաղթեմ, որ Աստուած քեզի երկարկեանք եւ բարեդարձ տայ ընտանիքիդ մօտ: Միրէյ Ժմմօ -------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------- Սիրելի սահմանապահ զինուոր, Ես Ալեքսն եմ, վեցերորդ դասարանի աշակերտ եմ, այս տողերս կը գրեմ քեզի Լիբանանէն: Կոչումիդ մասին շատ լսելով, ես ալ լեցուած եմ հպարտութեամբ: Թէեւ քեզ չեմ ճանչնար, բայց կարծես գիտեմ քեզ, քու անունդ հայ զինուոր: Շնորհակալ եմ քեզի, որ կաս, որ մեր հայրենիքի հերոս պաշտպանն ես: Ես պաշտպանուած կը զգամ ինքզինքս, երբ գիսեմ, որ դուն կանգնած ես սահմանին՝ արթուն, հպարտ ու անվախ, բուքին ու ձիւնին: Դուն արժանի ես մեր հին ու նոր հերոսներուն՝ Դուշման Վարդանին, զօրավար Անդրանիկին, Նժդեհին ու Մոնթէին... Ամբողջ սրտովս կը մաղթեմ, որ քու ծառայութիւնդ անցնի կապոյտ ու խաղաղ երկնքի տակ: Վստահ եղի՛ր, որ քու խիզախութիւնդ վարակիչ է ու պիտի վարակէ քու յաջորդներուդ: Դուն եւ քու նմաններդ փաստեցին, որ հայրենիքը միայն բառերով չի սիրուիր, այլ՝ զոհողութեամբ ու անձնուիրումով: Փա՜ռք քեզի, որ պատրաստ ես զոհել քու կեանքդ, որպէսզի թշնամին չպղծէ մեր Սուրբ Հողը: Հպարտ կանգնի՛ր, դո՛ւն, միշտ մեր սահմանին եւ յիշէ, որ ամբողջ հայ ազգը քեզի համար կ'աղօթէ՝ ամէն րոպէ: Ալեքս Լեւոնեան Ողջոյն քեզ,
Իմ սիրելի ազգակից՝ Արցախի քաջ զինուոր, Դուն հայ մանչերու օրինակելի տիպարն ես, քեզմով կը հպարտանանք: Դուն մեր ազգի պատիւն ես, սահմաններու պահապան, մեր ժողովուրդի ներկան ու ապագան: Թո՛ղ Աստուած քու կամքդ զօրաւոր պահէ, որ միշտ կարենաս դիմադրել անգութ թշնամիին ու պաշտպանել պապերուդ հողը եւ չարտօնես որ քայքայուի հայրենիքիդ անկախութիւնը: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին, որ կեանքը կը զոհէ իր ազգին սիրոյն: Մարք Կիւլկիւլեան -------------------------------------------- Սիրելի Արցախի զինուորներ, Բարեւ ձեզի, իմ Արցախի քաջ զինուորներ: Մենք հպարտ ենք ձեզմով, հոգիով ու սիրտով մենք միշտ ձեր հետն ենք: Մենք գիտենք, թէ ինչքան կարօտցած էք ձեր ծնողքին, ընկերներուն եւ հարազատներուն: Երանի՜ մեր երկիրը պատերազմ չըլլար եւ զինուորներու կարիքը չըլլար, ուրախ ու խաղաղ ապրէիք ձեր սիրելիներուն հետ: Դուք Արցախի քաջ զինուորներ, ձեր կեանքը կը զոհէք մեզ փրկելու եւ մեր հայրենիքը պաշտպանելու համար: Հպարտութեան արցունքներով կը սպասէք ձեր բոլորիդ յաղթական վերադարձը եւ բոլոր հայկական հողերու վերադարձը: Դուք մեր քաջերն ու պահապաններն էք, յաւերժ փառք ու շնորհակալութիւն Արցախի խիզախ հայ զինուորներուն: Սինթիա Ռուբինեան |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|