Արդէն հայկական ջարդին 100 ամեակի սեմին ենք, եւ մինչեւ այսօր տակաւին մեր իրաւունքներուն տէրը չդարձանք: իսկ բաւական ձուլուած են արդէն հայերը օտարութեան մէջ, եւ երիտասարդութիւնը բաւական հեռու կը մնայ այդ պայքարի մտածումներէն, սակայն հոն միշտ կը մնան մարդիկ, որոնք կը պայքարին անոր ճանաչման համար: Հիմա արդէն, ընկերային ցանցերը մեծ դեր կը խաղան մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ եւ կրնայ հայ երիտասարդը, որ իր ժամանակէն մեծ բաժին մը տրամադրած է անոնց, խօսիլ հայկական ջարդի մասին: Չի բաւեր միայն Ապրիլ 24-ին հայ մը յիշէ այս պայքարը: Վստահ ամէն հայ երիտասարդի մօտ կրնանք գտնել նկարներ, խօսքեր կամ այլ բաներ, որ կարելիութունը կայ այդ բոլորը վերածելու համաշխարհային լեզուի մը, որ ամէն մարդ գիտնայ եւ հասկնայ եւ բերնէ-բերան մեր պայքարը կամաց-կամաց քայլ առ քայլ յառաջդիմէ: օրինակ, մեր նախնիները իրենց զաւակներուն, եւ թոռներուն պատմած են ամէն ինչ սակայն ոչ մէկ ջանք ըրած են օտարին համոզելու մեր տառապանքին մասին, սակայն հիմա մեր երիտասարդներուն զբաղումները կրնան դառնալ ամենալաւ միջոցները մեր պայքարը եւ պահանջատիրութիւնը քայլ առ քայլ յառաջացնելու եւ լուծումի հասցնելու: Ուրեմն, եթէ այսօր միջոցները կան որ մենք, իբրեւ երիտասարդներ մեր պահանջատիրութիւնը առջեւ տանինք ուրեմն յաջորդ սերունդներուն մօտ միջոցները շատ աւելի պիտի շատնան: ուրեմն ինչպէս մենք մեր նախնիներուն գործը շարունակեցինք կը քաջալերեմ որ մեզմէ ետք եկողներն ալ աւելի լաւ ձեւով շարունակեն: Սինթիա Մելիտոնեան 11-րդ Դասարան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|