Ահաւասիկ 100 տարի անցաւ այդ Մեծ Եղեռնէն, զոր տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24, 1915-ին. այդ ցեղասպանութիւնը որուն համար 100 տարի է ի վեր կը պայքարինք, մեր հողերը ետ առնելու եւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար: Բայց մինչեւ ե՞րբ պայքարիլ, եթէ հայ երիտասարդները ջանք չեն ըներ այս ոճիրը փաստելու համար: Հայ երիտասարդները 100 տարի է ի վեր կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար: Ճիշդ է որ 100 տարիներ անցան թուրքերուն կատարած այդ անմոռանալի ոճիրէն եւ մարդիկ կան, որոնք արդէն իսկ մոռցան թէ 1915 թուականին թուրքը սխալեցաւ հայերուն հանդէպ եւ կատարեց Ցեղասպանութիւնը: Բայց տակաւին կը գտնենք այդ մի քանին որոնք մինչեւ իրենց վերջին շունչը կը պայքարին, որպէսզի իրենց հողերը որ այդ աղտոտ թուրքերը գրաւած են վերադարձնեն իրենց Մայր Հայրենիքին: Շատ երիտասարդներ յուսախաբ դարձած են, որովհետեւ չեն կրցած իրենց հողերը վերադարձնել եւ որովհետեւ չեն կրցած փաստել թէ Ցեղասպանութեան դէպքը պատահած է եւ այդ հողերը որ թուրքերը կը կոչեն թէ իրենցն է, չեն կրցած փաստել թէ այդ հողերը հայերուն է՝ մեր պապերուն: Բայց կրնանք ըսել թէ անոնք նաեւ իրենց բոլոր ջանքերը չեն ըներ փաստելու համար այս իրաւասութիւնը: Մենք հայ երիտասարդներս պարտականութիւն ունինք մեր հայրենիքին հանդէպ, փաստելու համար թէ այդ հողերը որ թուրքը 1915-ին Ցեղասպանութեան ատեն գրաւեց մեր պապերուն հողերն է եւ որպէսզի այս մէկը փաստենք պէտք է բոլոր տեղեկութիւնները նհայերուն մասին, Հայաստանի եւ հայկական գրաւուած հողերուն մասին համացանցին վրայ դնել եւ բոլոր այդ երկիրները որոնք ընդունած են Ցեղասպանութիւնը իրենց ժողովուրդին հետ ձեռքի ձեռքի հայերուն միանան եւ օգնեն վրէժ լուծելու համար: Եւ նաեւ պէտք է դպրոցներուն մէջ երիտասարդներուն սորվեցնել ինչպէս պայքարիլ իրենց իրաւունքները առնելու: Նոյնիսկ եթէ ոչ միայն 200 տարի անցնի այլ 1000 տարի, այս պատահած ոճիրին դէմ պէտք է պայքարինք մինչեւ մեր վերջին շունչը մեր դատը եւ հողերը պաշտպանելու եւ վերադարձնելու համար : Գարին Թէրզեան
0 Comments
Արդէն հայկական ջարդին 100 ամեակի սեմին ենք, եւ մինչեւ այսօր տակաւին մեր իրաւունքներուն տէրը չդարձանք: իսկ բաւական ձուլուած են արդէն հայերը օտարութեան մէջ, եւ երիտասարդութիւնը բաւական հեռու կը մնայ այդ պայքարի մտածումներէն, սակայն հոն միշտ կը մնան մարդիկ, որոնք կը պայքարին անոր ճանաչման համար: Հիմա արդէն, ընկերային ցանցերը մեծ դեր կը խաղան մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ եւ կրնայ հայ երիտասարդը, որ իր ժամանակէն մեծ բաժին մը տրամադրած է անոնց, խօսիլ հայկական ջարդի մասին: Չի բաւեր միայն Ապրիլ 24-ին հայ մը յիշէ այս պայքարը: Վստահ ամէն հայ երիտասարդի մօտ կրնանք գտնել նկարներ, խօսքեր կամ այլ բաներ, որ կարելիութունը կայ այդ բոլորը վերածելու համաշխարհային լեզուի մը, որ ամէն մարդ գիտնայ եւ հասկնայ եւ բերնէ-բերան մեր պայքարը կամաց-կամաց քայլ առ քայլ յառաջդիմէ: օրինակ, մեր նախնիները իրենց զաւակներուն, եւ թոռներուն պատմած են ամէն ինչ սակայն ոչ մէկ ջանք ըրած են օտարին համոզելու մեր տառապանքին մասին, սակայն հիմա մեր երիտասարդներուն զբաղումները կրնան դառնալ ամենալաւ միջոցները մեր պայքարը եւ պահանջատիրութիւնը քայլ առ քայլ յառաջացնելու եւ լուծումի հասցնելու: Ուրեմն, եթէ այսօր միջոցները կան որ մենք, իբրեւ երիտասարդներ մեր պահանջատիրութիւնը առջեւ տանինք ուրեմն յաջորդ սերունդներուն մօտ միջոցները շատ աւելի պիտի շատնան: ուրեմն ինչպէս մենք մեր նախնիներուն գործը շարունակեցինք կը քաջալերեմ որ մեզմէ ետք եկողներն ալ աւելի լաւ ձեւով շարունակեն: Սինթիա Մելիտոնեան 11-րդ Դասարան 1915, Ապրիլ 24, սեւ թուական, մութ թուական, որ պատճառ դարձաւ 1,500,000 հայ զոհերու: Ահաւասիկ արդէն 100 տարի անցաւ, ու տակաւին չենք կարողացած մեր հողերը վերադարձնել: Այո, ճիշդ է որ 100-ամեակը հասաւ, ու կարգ մը մարդիկ, արդէն իսկ յուսահատած են: Ես իմ կարգիս, իբրեւ հայ երիտասարդ շարունակ պիտի պայքարիմ, երբեք պիտի չյուսահատիմ, ու միշտ զօրաւոր պիտի կանգնիմ նոյնիսկ եթէ անցնի 1 դար կամ 2 դար: Աշխարհի չորս կողմը պիտի տարածեմ, բերելով փաստաթուղթեր, մեր զոհ գացած պապերու նկարներ, տարածել բոլոր համացանցերու մէջ (google, facebook…..). Բոլոր հայկական, լիբանանեան, եւ նոյնիսկ օտար թերթերու եւ դպրոցներու մեջ պիտի խօսինք մեր ջարդին մասին որ պատահեցաւ 1915-ին, ու ճանչցնել բոլոր անոնց որ տակաւին չեն լսած, ու չեն ճանչնար մեր այս ազդեցիկ ու յուցիչ պատմութիւնը: Նոյնիսկ՝ բոլոր հայ ժողովուրդին որոնք յուսահատած են, անոնց յոյսը պիտի վերադարձնեմ, ու բոլորս միասին պայքարինք ու վերականքնինք: Եւ վերջապէս, բոլոր հայ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի պիտի շարունակենք պայքարիլ, ցոյցեր ընել ու ետ վերադարձնել մեր հայրենի պապենական հողերը որ մինչեւ օրս աւազակ թուրքերու ձեռքն է: ԶԱՔԱՐԵԱՆ ՆԱՆՕՐ
Dans le cadre des activités scolaires , nous avons effectué avec notre professeur d’Histoire , une visite à Byblos, le seul site au monde dont l’histoire s’étend sur sept mille ans. Nous sommes montés au sommet du donjon du château construit par les croisés au XIIème siècle pour saisir le panorama de ce site riche du passage de plusieurs civilisations. Des vestiges, des outils et des armes de silex datant de l’époque néolithique témoignent de sa création au bord de la mer par des pêcheurs. Les trésors des tombes royales de l’époque de bronze montrent la prospérité de la ville à cette époque. Cette prospérité est due au commerce du bois pratiqué à partir du port de la ville avec les pharaons de l’Égypte . Plus tard, au premier millénaire avant Jésus-Christ , Byblos a exporté l’alphabet phénicien vers la Grèce. Le commerce du papyrus importé d’ Égypte , en grec « bublos » , est à l’origine de son nom Byblos. Nous avons emprunté ensuite les entiers aménagés entre les ruines pour voir les temples et les vestiges superposés des différentes phases d’occupation de la ville. Les Assyriens , les Babyloniens, les Grecs, les Romains, les Byzantins , les Arabes , les Croisés , les Mamelouks, les Ottomans, tous ont laissé des marques de leur passage à Byblos. Les jarres funéraires , les temples , les sarcophages , les stèles et les figurines témoignent des civilisations qui ont occupé la ville depuis le VIème millénaire avant Jésus-Christ jusqu’au XIXème siècle. Nous avons terminé la journée par la visite du musée de cire avant de nous aventurer dans les vieilles ruelles de la ville qui entourent l’ancien Byblos. Classe de : EB9 Ահա ժամանակը հասած է, որ ամէն հայ ճանչնայ իր անձը, գիտնայ իր ով եւ ուրկէ ըլլալը, վստահի ինքն իր վրայ: Ան պէտք է իր ազգը քաջալերէ, ճանչնայ իր թշնամին եւ այլեւս չքաջալերէ անոր գործերը եւ չգովաբանէ զանոնք: Պէտք է ուժ տալ, գովել, սիրել հայկական վարժարանները, որոնց մէջ կը տրուի ամէն բան, ինչպէս՝ կրթութիւն, դաստիարակութիւն, ազգասիրութիւն, խուսափիլ օտարամոլութենէն, ճանչնալ նախնիները՝ հերոսները, թագաւորները, ֆետայիները, ճանչնայ իր հայոց պատմութիւնը եւ ամենակարեւորը՝ ուսում ջամբել իր զաւակներուն: Հայը պէտք է յաճախէ հայկական վարժարան՝ իր երկրորդ տունը: Օտարը արդեօք ո՞րչափով կը մտածէ հայու մասին: Կը սիրէ՞ հայը, կը գովէ՞ հայուն, կը կասկածիմ այս ամէնուն շուրջ: Մեր գովածին չափ անոնք չեն գովեր հայերը, հակառակը՝ կը փնտռեն ամենապզտիկ սխալը, որպէսզի ծիծաղին եւ գէշ ձեւով խօսին մեր մասին: Իսկ դուն, հայ, այս ամէնը գիտնալով, ինչո՞ւ առիթը կու տաս օտարին: Պէտք է այլեւս ամէն հայ բանայ իր աչքերը եւ տեսնէ իր դիմացը, տեսնէ եղելութիւնը, պաշտպանէ իր իրաւունքը: Ըստ ինծի՝ պէտք է հպարտօրէն քաջալերենք մեր ազգը, հայկական վարժարանները, հայկական աւանդութիւնները, մերժելով մեր թշնամին, չքաջալերել անոնց ապրանքները եւ ուղղակիօրէն չգնել զանոնք: Ամէն հայ պէտք է մեծ վստահութիւն ունենայ ինքնիր անձին վրայ: Գովենք մեր ազգը, հպարտանանք մենք մեզմով, հպարտանանք մեր ունեցած թագաւորներով եւ հերոսներով, բարձր պահենք մեր ազգը՝ խօսելով հայերէն՝ մայրենի լեզուն ամէն տեղ, պատմելով օտարներուն հայերուն պատմութիւնը, լաւութիւնները, գեղեցկութիւնները եւ փորձենք համոզել զանոնք... Մերժենք բոլոր օտար գործերը եւ չքաջալերենք զանոնք, լաւ ձեւով խօսինք մեր սիրելի ազգին մասին եւ ոչ թէ անիծելով եւ վատ բաներ խօսելով... Այս է իսկական հայը, իսկական հայու ոգին, իսկական հայասէր հայը: Քրիսթին Քէհէեան Ժ. դասարան Ով իմ սիրելի վարժարան, Որ դարձար մեզ բնակարան, Սորվեցուցիր գրել-կարդալ Քո գիտելիքներովդ հպարտանալ: Գնահատելի է ուսուցիչին դերը, Մեր ապագայի լուսաւոր կանթեղը, Անգին սրտով առաջնորդող սուրբը, Մեզ հասցնելով ամենաբարձր գագաթը: Հայ վարժարանները կանգուն կը մնան Հպարտութեամբ լի սիրելի ուսուցիչներով, Գուրգուրանքով եւ ծով համբերութեամբ կ'ըղձան Մեր միտքերը ամբարել գիտելիքներով: Լեզուս, հայրենիքս, հողս... ձեզմէ շատ հեռու, Շնորհիւ գրականութեան եւ պատմութեան պահերու, Ուսուցչուհին պատրաստ ներշնչելու եւ յոյս տալու, Մեր շատ սիրելի եւ աննման հայրենիք փոխադրելու: Ա՜խ մեր քաղցր Լիբանանի լեզու, Դուն ուղեցոյց՝ տարբեր մշակոյթներու, Ծանօթացուցիր բազմատեսակ դէմքերու, Եւ առաջնորդեցիր նոր հորիզոններու: Իսկ սիրելի ֆրանքոֆոնուհի, Լուսաբան արեւմտեան աշխարհ լեզուի, Ուղեցոյց ֆրանսերէնի՝ նման մեղրի, Երախտագէտ՝ ձեր իւրաքանչիւր քայլի: Հայկական վարժարան՝ հայ աշակերտին օճախը, Մեր մէջ սերմանող հայկական պայքարը, Շարունակելով մեր պահանջատիրական երթը, Մեր մէջ արմատացնելով հայկականութիւնը: Un jour,pendant le coucher du soleil,j’étais un peu fâchée,alors je me suis mise devant la fenêtre du salon pour me détendre et apprécier ce majestueux spectacle. En regardant par la fenêtre,j’ai vu le soleil mourir dans l’immensité étroite du fleuve;c’était un peu comme si j’avais tenu un instant d’éternité au creux de mon iris.Par des moments de telle beauté,le temps s’étirait et l’attente déboulait.On se sentait fort,invincible,et les espoirs les plus frivoles germaient dans notre esprit.Les oranges,les pourpres et les rosés dans une parfaite symphonie semblaient vouloir illuminer le monde une dernière fois avant la grande noirceur.Les rayons du soleil brillaient de tous feux se miroitant dans les eaux paisibles,et quand leur moment de gloire s’estompait,ils sombraient. Alors,s’installait une douce torpeur bleutée plongeant la ville dans le mystère et le secret. Tout doucement,à notre insu,les dernière lueurs disparaissaient et la lumière feutrée de la lune prenait la relève pour veiller sur la Terre.On croyait au rêve,on accusait l’imagination,mais au fond de chaque coeur,on gardait orgueilleusement un souvenir de cette brève vision. Jessica Bajine EB7 (B) |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|