1915, Ապրիլ 24, սեւ թուական, մութ թուական, որ պատճառ դարձաւ 1,500,000 հայ զոհերու: Ահաւասիկ արդէն 100 տարի անցաւ, ու տակաւին չենք կարողացած մեր հողերը վերադարձնել: Այո, ճիշդ է որ 100-ամեակը հասաւ, ու կարգ մը մարդիկ, արդէն իսկ յուսահատած են: Ես իմ կարգիս, իբրեւ հայ երիտասարդ շարունակ պիտի պայքարիմ, երբեք պիտի չյուսահատիմ, ու միշտ զօրաւոր պիտի կանգնիմ նոյնիսկ եթէ անցնի 1 դար կամ 2 դար: Աշխարհի չորս կողմը պիտի տարածեմ, բերելով փաստաթուղթեր, մեր զոհ գացած պապերու նկարներ, տարածել բոլոր համացանցերու մէջ (google, facebook…..). Բոլոր հայկական, լիբանանեան, եւ նոյնիսկ օտար թերթերու եւ դպրոցներու մեջ պիտի խօսինք մեր ջարդին մասին որ պատահեցաւ 1915-ին, ու ճանչցնել բոլոր անոնց որ տակաւին չեն լսած, ու չեն ճանչնար մեր այս ազդեցիկ ու յուցիչ պատմութիւնը: Նոյնիսկ՝ բոլոր հայ ժողովուրդին որոնք յուսահատած են, անոնց յոյսը պիտի վերադարձնեմ, ու բոլորս միասին պայքարինք ու վերականքնինք: Եւ վերջապէս, բոլոր հայ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի պիտի շարունակենք պայքարիլ, ցոյցեր ընել ու ետ վերադարձնել մեր հայրենի պապենական հողերը որ մինչեւ օրս աւազակ թուրքերու ձեռքն է: ԶԱՔԱՐԵԱՆ ՆԱՆՕՐ
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|