Կարէն Արաբկիրեանի խօսքը՝ Արցախի զօրակցութեան աշակերտական հաւաքին
11 Ապրիլ 2016 2016 թուականի ապրիլը Արցախ աշխարհին համար սկսաւ ազերի թուրքերուն կողմէ սանձազերծուած աննախընթաց յարձակումով: Զինուորական մասնագէտներու համընդհանուր կարծիքով, Ատրպէճանը այս պատերազմին օգտագործեց ինչպէս ամենաարդիական, նոյնպէս եւ միջազգայնօրէն արգիլեալ զինատեսակներ Ան ռազմի դաշտ իջեցուց աննախընթաց թիւով զօրքեր, որոնց միացան վարձկաններ եւ Թուրքիայէն ժամանած յատուկ ջոկատայիններ: Գործի դրուեցաւ Պաքուի կուտակած զինանոցի ամբողջ տեսականին, օդէն ու ցամաքէն արձակուեցան բազմահազար հրթիռներ՝ ոչ միայն հայկական բանակի դիրքերուն, այլ նաեւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Պարզ դարձաւ, որ քաղաքական նպատակներու կողքին, Ատրպէճանի յանցագործ իշխանութիւնը կը միտէր ծանր վնասներու ենթարկել Արցախի ժողովուրդն ու հայկական բանակը, փոխել սահմանային իրավիճակը եւ ինչու ոչ՝ գրաւել հայկական տարածքներ. Արցախի հիւսիսային Թալիշ գիւղին կարճատեւ գրաւումը՝ ասոր ապացոյցն է: Սակայն ինչ եղաւ արդիւնքին մէջ. Ապրիլեան պատերազմի օրերը նախ եւ առաջ նշանաւորուեցան 18-էն 20 տարեկան Հայ զինուորներու եւ անոնց պատասխանատու սպաներու հերոսութեամբ եւ սխրանքներով: Մենք իմացանք այն զինուորին մասին, որ դուրս եկաւ իր դիրքին վրայ կրակող ադրպէճանական ուղղաթիռին դէմ եւ նախնական զէնքով մը վար առաւ զայն. Մենք իմացանք այն հայ սպային մասին, որ սաստիկ յարձակումի պայմաններուն մէջ, դէպի ետ ուղարկեց իր զինուորները, առանձինը մնաց խրամատին մէջ, կռուեցաւ մինչեւ վերջին փամփուշտը եւ ձեռնառումբով վերջ տուաւ իր կեանքին, ոչնչացնելու համար խրամատ հասած ազերի գրոհայինները: Մենք լսեցինք ռումբի պայթիւնէն 2 ոտքերն ալ կորսնցուցած հայ զինուորին խօսքերը, ուր ան փափաք կը յայտնէր կրկին վերադառնալ ճակատ՝ իր ընկերներուն քով, որեւէ ձեւով անոնց օգատակար դառնալու համար: Ապրիլեան պատերազմի օրերը նաեւ ցոյց տուին, որ հայ մարդիկ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, պատրաստ են տարբեր միջոցներով իրենց մասնակցութիւնը բերել հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Անեկդոտի պէս սկսաւ շրջիլ այն խօսքը, որ պատերազմի ժամանակ երկիրներու մէջ կը մտահոգուին թէ ուր պիտի տեղաւորեն գաղթականները, իսկ Հայաստանի պարագային մտահոգ են թէ ուր՝ որ ճակատին վրայ պիտի տեղաւորեն պատերազմին մասնակցիլ ուզող կամաւորները: Մասնակցութեան տարբեր դրսեւորումներուն մէջ կը փափաքիմ նշել Հայաստանի համալսարանականներուն մէկ նախաձեռնութիւնը. Հարիւրաւոր ուսանողներ թարգմանական խումբեր ստեղծեցին, որպէսզի աշխարհի բոլոր կարեւոր լեզուներու թարգմանեն պատերազմին մասին լուրերը եւ զանոնք տարածեն, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը իմանայ ճշմարտութիւնը՝ Ատրպէճանի վայրագութեանց մասին: Եզրակացնելու համար, կրկին կ՛ուզեմ վերադառնալ Ատրպէճանի օգտագործած զէնքերուն եւ խաղաղ բնակիչներու դէմ անոր գործադրած ոճիրներու հարցին. Մենք, որպէս հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ, ընելիք ունինք այստեղ. Մենք պէտք է տեւական դիմումներ ընենք այն երկիրներուն, որոնք զէնքեր կը վաճառեն Պաքուին, պահանջելով, որ դադրին զինել այս ոճրագործ պետութիւնը. Մենք պէտք է դիմենք նման երկիրներու ժողովուրդներուն, որ իրենց հերթին ճնշում բանեցնեն իրենց կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի անոնք յարձակողական զէնքեր չվաճառեն Ատրպէյճանին: Նման նախաձեռնութիւններով մենք մասնակից կրնանք դառնալ այն պայքարին, որուն համար գրեթէ մեզի հասակակից տղաներ չվարանեցան տալու իրենց ունեցած ամենաթանկ բանը՝ իրենց երիտասարդ, տակաւին նոր գարուն մտնող կեանքը: Փառք Հայ Զինուորին:
0 Comments
Բացման խօսք՝ Երկրորդական բաժնի Վարդանանց Տօնի հանդիսութեան Փետրուար 10, 2015 Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային տօներուն շարքին, վարդանանց տօնը ունի իր իւրայատուկ եւ հիմնական տեղն ու կարեւորութիւնը, որովհետեւ իրերայաջորդ սերունդներ կը յիշեն, թէ 451 թուին հայ ժողովուրդը, իր իշխանական ու հոգեւորական աւագանիով, զինուորներով ու համեստ զաւակներով, միացեալ բռունցք դարձաւ եւ դէմ դրաւ մեր քրիստոնէական ու ազգային դիմագիծին սպառնացող մեծ վտանգի մը. Կեանքի գնով պայքարեցաւ, նահատակուեցաւ հաւատքի ու հայութեան պահպանումին համար, արձանագրեց պատգամ մը, որ եղաւ գրաւականը մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի գոյատեւումին՝ հայօրէն գոյատեւումին: Վարդանանց հերոսութիւնը մեզի համար միայն պատմութիւն կամ յիշողութիւն չէ, այլ կենդանի խորհրդանիշ է պայքարի, որ միշտ պիտի մղենք: Արդի ժամանակներուն, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ կը սպառնան մեր ժողովուրդին: Բայց այսօր կարիքը ունինք վարդանանց ոգիին, քաջալերութեան՝ ազգի միութիւնն ու միաբանութիւնը ամրապնդելու: Աւարայրը կը շարունակուի մինչեւ այն ատեն, քանի դեռ անհրաժեշտութիւնը կայ մեր հայրենիքի անսաասանութեան, մեր պետականութեան զօացման, մեր Սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր սրբազան արժէքներու պահպանութեան համար: Սիրելի դասընկեր- դասընկերուհիներ, այսօր մենք կը յիշենք Քաջն Վարդանն ու զինակիցները: Այս տարի անգամ մը եւս կը դաւանինք եւ կը յայտարարենք, որ Վարդան Մամիկոնեան եղաւ հայ ազգի պարծանքը եւ մեր եկեղեցւոյ պսակը, որովհետեւ իր արիւնը թափեց մեր կրօնքին համար, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար, մեր ազգին համար, մենք ալ պէտք է ուխտենք, որ վերանորոգուինք մեր հաւատքի կեանքին մէջ, մեր ծառայական առաքելութեան մէջ, մեր ազգային նկարագիրին մէջ: Արազ Ապաճեան Քանի մը ամիսէն Մեսրոպեան վարժարանը պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 76-րդ տարին:
Անցեալ կրթական տարեշրջանին մեր վարժարանի հիմնադրութեան 75ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ մեծ շուքով, զանազան հանդիսութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով: 75 տարիներ շարունակ Մեսրոպեանը հայ աշակերտին տուաւ մտային զարգացում եւ անոր կողքին՝ հոգեկան սնունդ: Մեր վարժարանը հայ սերունդներուն փոխանցեց ոսկեղենիկ հայերէն լեզուն, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ մանաւանդ ընտանիքին ու ազգին նուիրուելու գիտակցութիւնը: 75 տարիներ շարունակ այս դպրոցը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի օրհնութեամբ աշակերտներուն մօտ վառ պահեց հայկական արժէքներուն կառչած մնալու ապրումը եւ դաստիարակեց աշակերտը հաւատարիմ մնալու հայ ապրելու իր ուխտին, տէր կանգնելու իր նախնիներուն կտակին եւ հետապնդելու իր արդար դատը: Վերամուտ է դարձեալ. ամրան երկար արձակուրդէն ետք մենք կը վերադառնանք մեր սիրելի երկրորդ տունը՝ Մեսրոպեան վարժարանը: Ծնողք, աշակերտ եւ ուսուցիչ կը մտնեն ուսումնական նոր տարեշրջան մը, որ կը մաղթեմ բոլորին համար ըլլայ յաջող եւ բարեբեր: Մենք հոս եկած ենք գիտութեան եւ հաւատքի լոյս ամբարելու համար, եւ անոր շնորհիւ՝ յաջողելու մեր կեանքին մէջ : Բարի վերամուտ սիրելի Մեսրոպեանականներ. կանաչ ճամբայ եւ յարատեւ վերելք՝ մեր սիրելի վարժարանին: Սերուժ Եթէրեան 24 Սեպտեմբեր, 2014 20-րդ դարու հայ քնարերգութեան շողշողուն աստղին՝ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 100 ամեակն է այս տարի: Հայ սերունդներու յիշողութեան մէջ Շիրազի դէմքը անջնջելիօրէն քանդակուած է իբրեւ Մարտունակ եւ խրոխտ երգիչը Մասիսի տուն դարձին, սփիւռքի հայապահպանումին ու հայրենադարձութեան, հայկական իրաւունքի ու արդարութեան վերականգնումին, հայ դատի պայքարին եւ արիւնոտ այդ ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն... Հայ գրականութեան մեծ անդաստանէն ներս, Շիրազ յաջողեցաւ անզուգական տեղ ու դիրք նուաճել, որովհետեւ օժտուած էր քնարերգակի տաղանդով: Ան հանդիսացաւ սիրտի ու միտքի հոգեհարազատ հայ բանաստեղծը: Շատ ու շատ տարիներ կ'անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով մեր աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ մրմնջել, նաեւ գոռալ՝ յանուն արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս սարի տուն դարձին: Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 100 ամեակն է... հանճարները չունին ծննդեան ու մահուան օրեր, անոնք սոսկ պայմանական շրջագիծեր են, որովհետեւ անոնց ծնունդը թելադրած է երկինքը, իսկ յաւերժութեան ճամբան Աստուծոյ հրաշքն է՝ բոլոր օրերու եւ տարիներու մէջ սփռուած... Սթեֆանի Պալթայեան 28 Հոկտեմբեր 2014, Թարգմանչաց տօնակատարութեան Մենք այսօր հաւաքուած ենք տօնելու Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Սոյն տօնը յառաջ եկաւ այն իրականութենէն , որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Քրիստոսէ ետք 404-406 թուականին, Այբուբենը ստեղծելով՝ իր աշակերտներուն հետ միասին լծուեցաւ տքնաջան աշխատանքի եւ հայերէնի թարգմանեցին օտար լեզուներով գրուած գիրքեր:
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները առաջին անգամ թարգմանեցին Աստուածաշունչ մատեանը: Անոր թարգմանութիւնը այնքա՜ն գեղեցիկ ու հրաշալի էր, որ կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց», այսինքն՝ թարգմանութիւններու թագուհին: Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մահէն ետք, իր դաստիարակած աշակերտները, ինչպէս՝ Կորիւնը, Եղիշէն, եւ ուրիշներ, թարգմանելու աշխատանքը շարունակեցին եւ անոր կողքին գրեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, աշխարհագրութեան, Քրիստոնէական կրօնքին եւ այլ հարցերու վերաբերող գիրքեր: Ասոր շնորհիւ պատճառ հայոց լեզուն կատարեալ դարձաւ եւ մշակոյթը զարգացաւ: Հայ եկեղեցին անմահացուցած է Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն կատարած սրբազան գործը, հաստատելով Թարգմանչաց տօնը, որ կը զուգադիպի տարուան Հոկտեմբեր ամսուն: Մեր եկեղեցին նաեւ սրբացուցած է Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը եւ թարգմանիչ վարդապետները: Ուստի, հարկ է, որ Թարգմանչաց տօնը ըլլայ իւրաքանչիւր հայու համար՝ ուխտի վերանորոգման տօն, ուխտ՝ տէր կանգնելու մեր այբուբենին, մեր լեզուին եւ յարատեւ կառչած մնալով մեր դարաւոր մշակոյթին, զոր կտակեցին մեզի մեր նախնիները: Լորի Քեշիշեան 23 Հոկտեմբեր, 2014 |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|