Կարէն Արաբկիրեանի խօսքը՝ Արցախի զօրակցութեան աշակերտական հաւաքին
11 Ապրիլ 2016 2016 թուականի ապրիլը Արցախ աշխարհին համար սկսաւ ազերի թուրքերուն կողմէ սանձազերծուած աննախընթաց յարձակումով: Զինուորական մասնագէտներու համընդհանուր կարծիքով, Ատրպէճանը այս պատերազմին օգտագործեց ինչպէս ամենաարդիական, նոյնպէս եւ միջազգայնօրէն արգիլեալ զինատեսակներ Ան ռազմի դաշտ իջեցուց աննախընթաց թիւով զօրքեր, որոնց միացան վարձկաններ եւ Թուրքիայէն ժամանած յատուկ ջոկատայիններ: Գործի դրուեցաւ Պաքուի կուտակած զինանոցի ամբողջ տեսականին, օդէն ու ցամաքէն արձակուեցան բազմահազար հրթիռներ՝ ոչ միայն հայկական բանակի դիրքերուն, այլ նաեւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Պարզ դարձաւ, որ քաղաքական նպատակներու կողքին, Ատրպէճանի յանցագործ իշխանութիւնը կը միտէր ծանր վնասներու ենթարկել Արցախի ժողովուրդն ու հայկական բանակը, փոխել սահմանային իրավիճակը եւ ինչու ոչ՝ գրաւել հայկական տարածքներ. Արցախի հիւսիսային Թալիշ գիւղին կարճատեւ գրաւումը՝ ասոր ապացոյցն է: Սակայն ինչ եղաւ արդիւնքին մէջ. Ապրիլեան պատերազմի օրերը նախ եւ առաջ նշանաւորուեցան 18-էն 20 տարեկան Հայ զինուորներու եւ անոնց պատասխանատու սպաներու հերոսութեամբ եւ սխրանքներով: Մենք իմացանք այն զինուորին մասին, որ դուրս եկաւ իր դիրքին վրայ կրակող ադրպէճանական ուղղաթիռին դէմ եւ նախնական զէնքով մը վար առաւ զայն. Մենք իմացանք այն հայ սպային մասին, որ սաստիկ յարձակումի պայմաններուն մէջ, դէպի ետ ուղարկեց իր զինուորները, առանձինը մնաց խրամատին մէջ, կռուեցաւ մինչեւ վերջին փամփուշտը եւ ձեռնառումբով վերջ տուաւ իր կեանքին, ոչնչացնելու համար խրամատ հասած ազերի գրոհայինները: Մենք լսեցինք ռումբի պայթիւնէն 2 ոտքերն ալ կորսնցուցած հայ զինուորին խօսքերը, ուր ան փափաք կը յայտնէր կրկին վերադառնալ ճակատ՝ իր ընկերներուն քով, որեւէ ձեւով անոնց օգատակար դառնալու համար: Ապրիլեան պատերազմի օրերը նաեւ ցոյց տուին, որ հայ մարդիկ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, պատրաստ են տարբեր միջոցներով իրենց մասնակցութիւնը բերել հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Անեկդոտի պէս սկսաւ շրջիլ այն խօսքը, որ պատերազմի ժամանակ երկիրներու մէջ կը մտահոգուին թէ ուր պիտի տեղաւորեն գաղթականները, իսկ Հայաստանի պարագային մտահոգ են թէ ուր՝ որ ճակատին վրայ պիտի տեղաւորեն պատերազմին մասնակցիլ ուզող կամաւորները: Մասնակցութեան տարբեր դրսեւորումներուն մէջ կը փափաքիմ նշել Հայաստանի համալսարանականներուն մէկ նախաձեռնութիւնը. Հարիւրաւոր ուսանողներ թարգմանական խումբեր ստեղծեցին, որպէսզի աշխարհի բոլոր կարեւոր լեզուներու թարգմանեն պատերազմին մասին լուրերը եւ զանոնք տարածեն, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը իմանայ ճշմարտութիւնը՝ Ատրպէճանի վայրագութեանց մասին: Եզրակացնելու համար, կրկին կ՛ուզեմ վերադառնալ Ատրպէճանի օգտագործած զէնքերուն եւ խաղաղ բնակիչներու դէմ անոր գործադրած ոճիրներու հարցին. Մենք, որպէս հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ, ընելիք ունինք այստեղ. Մենք պէտք է տեւական դիմումներ ընենք այն երկիրներուն, որոնք զէնքեր կը վաճառեն Պաքուին, պահանջելով, որ դադրին զինել այս ոճրագործ պետութիւնը. Մենք պէտք է դիմենք նման երկիրներու ժողովուրդներուն, որ իրենց հերթին ճնշում բանեցնեն իրենց կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի անոնք յարձակողական զէնքեր չվաճառեն Ատրպէյճանին: Նման նախաձեռնութիւններով մենք մասնակից կրնանք դառնալ այն պայքարին, որուն համար գրեթէ մեզի հասակակից տղաներ չվարանեցան տալու իրենց ունեցած ամենաթանկ բանը՝ իրենց երիտասարդ, տակաւին նոր գարուն մտնող կեանքը: Փառք Հայ Զինուորին:
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|