20-րդ դարու հայ քնարերգութեան շողշողուն աստղին՝ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 100 ամեակն է այս տարի: Հայ սերունդներու յիշողութեան մէջ Շիրազի դէմքը անջնջելիօրէն քանդակուած է իբրեւ Մարտունակ եւ խրոխտ երգիչը Մասիսի տուն դարձին, սփիւռքի հայապահպանումին ու հայրենադարձութեան, հայկական իրաւունքի ու արդարութեան վերականգնումին, հայ դատի պայքարին եւ արիւնոտ այդ ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն... Հայ գրականութեան մեծ անդաստանէն ներս, Շիրազ յաջողեցաւ անզուգական տեղ ու դիրք նուաճել, որովհետեւ օժտուած էր քնարերգակի տաղանդով: Ան հանդիսացաւ սիրտի ու միտքի հոգեհարազատ հայ բանաստեղծը: Շատ ու շատ տարիներ կ'անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով մեր աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ մրմնջել, նաեւ գոռալ՝ յանուն արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս սարի տուն դարձին: Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 100 ամեակն է... հանճարները չունին ծննդեան ու մահուան օրեր, անոնք սոսկ պայմանական շրջագիծեր են, որովհետեւ անոնց ծնունդը թելադրած է երկինքը, իսկ յաւերժութեան ճամբան Աստուծոյ հրաշքն է՝ բոլոր օրերու եւ տարիներու մէջ սփռուած... Սթեֆանի Պալթայեան 28 Հոկտեմբեր 2014, Թարգմանչաց տօնակատարութեան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|