Մենք այսօր հաւաքուած ենք տօնելու Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Սոյն տօնը յառաջ եկաւ այն իրականութենէն , որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Քրիստոսէ ետք 404-406 թուականին, Այբուբենը ստեղծելով՝ իր աշակերտներուն հետ միասին լծուեցաւ տքնաջան աշխատանքի եւ հայերէնի թարգմանեցին օտար լեզուներով գրուած գիրքեր:
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները առաջին անգամ թարգմանեցին Աստուածաշունչ մատեանը: Անոր թարգմանութիւնը այնքա՜ն գեղեցիկ ու հրաշալի էր, որ կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց», այսինքն՝ թարգմանութիւններու թագուհին: Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մահէն ետք, իր դաստիարակած աշակերտները, ինչպէս՝ Կորիւնը, Եղիշէն, եւ ուրիշներ, թարգմանելու աշխատանքը շարունակեցին եւ անոր կողքին գրեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, աշխարհագրութեան, Քրիստոնէական կրօնքին եւ այլ հարցերու վերաբերող գիրքեր: Ասոր շնորհիւ պատճառ հայոց լեզուն կատարեալ դարձաւ եւ մշակոյթը զարգացաւ: Հայ եկեղեցին անմահացուցած է Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն կատարած սրբազան գործը, հաստատելով Թարգմանչաց տօնը, որ կը զուգադիպի տարուան Հոկտեմբեր ամսուն: Մեր եկեղեցին նաեւ սրբացուցած է Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը եւ թարգմանիչ վարդապետները: Ուստի, հարկ է, որ Թարգմանչաց տօնը ըլլայ իւրաքանչիւր հայու համար՝ ուխտի վերանորոգման տօն, ուխտ՝ տէր կանգնելու մեր այբուբենին, մեր լեզուին եւ յարատեւ կառչած մնալով մեր դարաւոր մշակոյթին, զոր կտակեցին մեզի մեր նախնիները: Լորի Քեշիշեան 23 Հոկտեմբեր, 2014
1 Comment
Nayira
12/8/2014 04:20:50 am
Good job Lori !!
Reply
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|