Քանի մը ամիսէն Մեսրոպեան վարժարանը պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 76-րդ տարին:
Անցեալ կրթական տարեշրջանին մեր վարժարանի հիմնադրութեան 75ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ մեծ շուքով, զանազան հանդիսութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով: 75 տարիներ շարունակ Մեսրոպեանը հայ աշակերտին տուաւ մտային զարգացում եւ անոր կողքին՝ հոգեկան սնունդ: Մեր վարժարանը հայ սերունդներուն փոխանցեց ոսկեղենիկ հայերէն լեզուն, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ մանաւանդ ընտանիքին ու ազգին նուիրուելու գիտակցութիւնը: 75 տարիներ շարունակ այս դպրոցը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի օրհնութեամբ աշակերտներուն մօտ վառ պահեց հայկական արժէքներուն կառչած մնալու ապրումը եւ դաստիարակեց աշակերտը հաւատարիմ մնալու հայ ապրելու իր ուխտին, տէր կանգնելու իր նախնիներուն կտակին եւ հետապնդելու իր արդար դատը: Վերամուտ է դարձեալ. ամրան երկար արձակուրդէն ետք մենք կը վերադառնանք մեր սիրելի երկրորդ տունը՝ Մեսրոպեան վարժարանը: Ծնողք, աշակերտ եւ ուսուցիչ կը մտնեն ուսումնական նոր տարեշրջան մը, որ կը մաղթեմ բոլորին համար ըլլայ յաջող եւ բարեբեր: Մենք հոս եկած ենք գիտութեան եւ հաւատքի լոյս ամբարելու համար, եւ անոր շնորհիւ՝ յաջողելու մեր կեանքին մէջ : Բարի վերամուտ սիրելի Մեսրոպեանականներ. կանաչ ճամբայ եւ յարատեւ վերելք՝ մեր սիրելի վարժարանին: Սերուժ Եթէրեան 24 Սեպտեմբեր, 2014
2 Comments
Vartan
12/8/2014 02:03:44 pm
Nice speech Serouj
Reply
Sako
12/9/2014 05:04:22 am
Ապրիս Սերուժ
Reply
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|