Բացման խօսք՝ Երկրորդական բաժնի Վարդանանց Տօնի հանդիսութեան Փետրուար 10, 2015 Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային տօներուն շարքին, վարդանանց տօնը ունի իր իւրայատուկ եւ հիմնական տեղն ու կարեւորութիւնը, որովհետեւ իրերայաջորդ սերունդներ կը յիշեն, թէ 451 թուին հայ ժողովուրդը, իր իշխանական ու հոգեւորական աւագանիով, զինուորներով ու համեստ զաւակներով, միացեալ բռունցք դարձաւ եւ դէմ դրաւ մեր քրիստոնէական ու ազգային դիմագիծին սպառնացող մեծ վտանգի մը. Կեանքի գնով պայքարեցաւ, նահատակուեցաւ հաւատքի ու հայութեան պահպանումին համար, արձանագրեց պատգամ մը, որ եղաւ գրաւականը մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի գոյատեւումին՝ հայօրէն գոյատեւումին: Վարդանանց հերոսութիւնը մեզի համար միայն պատմութիւն կամ յիշողութիւն չէ, այլ կենդանի խորհրդանիշ է պայքարի, որ միշտ պիտի մղենք: Արդի ժամանակներուն, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ կը սպառնան մեր ժողովուրդին: Բայց այսօր կարիքը ունինք վարդանանց ոգիին, քաջալերութեան՝ ազգի միութիւնն ու միաբանութիւնը ամրապնդելու: Աւարայրը կը շարունակուի մինչեւ այն ատեն, քանի դեռ անհրաժեշտութիւնը կայ մեր հայրենիքի անսաասանութեան, մեր պետականութեան զօացման, մեր Սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր սրբազան արժէքներու պահպանութեան համար: Սիրելի դասընկեր- դասընկերուհիներ, այսօր մենք կը յիշենք Քաջն Վարդանն ու զինակիցները: Այս տարի անգամ մը եւս կը դաւանինք եւ կը յայտարարենք, որ Վարդան Մամիկոնեան եղաւ հայ ազգի պարծանքը եւ մեր եկեղեցւոյ պսակը, որովհետեւ իր արիւնը թափեց մեր կրօնքին համար, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար, մեր ազգին համար, մենք ալ պէտք է ուխտենք, որ վերանորոգուինք մեր հաւատքի կեանքին մէջ, մեր ծառայական առաքելութեան մէջ, մեր ազգային նկարագիրին մէջ: Արազ Ապաճեան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|