Ահաւասիկ 100 տարի անցաւ այդ Մեծ Եղեռնէն, զոր տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24, 1915-ին. այդ ցեղասպանութիւնը որուն համար 100 տարի է ի վեր կը պայքարինք, մեր հողերը ետ առնելու եւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար: Բայց մինչեւ ե՞րբ պայքարիլ, եթէ հայ երիտասարդները ջանք չեն ըներ այս ոճիրը փաստելու համար: Հայ երիտասարդները 100 տարի է ի վեր կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար: Ճիշդ է որ 100 տարիներ անցան թուրքերուն կատարած այդ անմոռանալի ոճիրէն եւ մարդիկ կան, որոնք արդէն իսկ մոռցան թէ 1915 թուականին թուրքը սխալեցաւ հայերուն հանդէպ եւ կատարեց Ցեղասպանութիւնը: Բայց տակաւին կը գտնենք այդ մի քանին որոնք մինչեւ իրենց վերջին շունչը կը պայքարին, որպէսզի իրենց հողերը որ այդ աղտոտ թուրքերը գրաւած են վերադարձնեն իրենց Մայր Հայրենիքին: Շատ երիտասարդներ յուսախաբ դարձած են, որովհետեւ չեն կրցած իրենց հողերը վերադարձնել եւ որովհետեւ չեն կրցած փաստել թէ Ցեղասպանութեան դէպքը պատահած է եւ այդ հողերը որ թուրքերը կը կոչեն թէ իրենցն է, չեն կրցած փաստել թէ այդ հողերը հայերուն է՝ մեր պապերուն: Բայց կրնանք ըսել թէ անոնք նաեւ իրենց բոլոր ջանքերը չեն ըներ փաստելու համար այս իրաւասութիւնը: Մենք հայ երիտասարդներս պարտականութիւն ունինք մեր հայրենիքին հանդէպ, փաստելու համար թէ այդ հողերը որ թուրքը 1915-ին Ցեղասպանութեան ատեն գրաւեց մեր պապերուն հողերն է եւ որպէսզի այս մէկը փաստենք պէտք է բոլոր տեղեկութիւնները նհայերուն մասին, Հայաստանի եւ հայկական գրաւուած հողերուն մասին համացանցին վրայ դնել եւ բոլոր այդ երկիրները որոնք ընդունած են Ցեղասպանութիւնը իրենց ժողովուրդին հետ ձեռքի ձեռքի հայերուն միանան եւ օգնեն վրէժ լուծելու համար: Եւ նաեւ պէտք է դպրոցներուն մէջ երիտասարդներուն սորվեցնել ինչպէս պայքարիլ իրենց իրաւունքները առնելու: Նոյնիսկ եթէ ոչ միայն 200 տարի անցնի այլ 1000 տարի, այս պատահած ոճիրին դէմ պէտք է պայքարինք մինչեւ մեր վերջին շունչը մեր դատը եւ հողերը պաշտպանելու եւ վերադարձնելու համար : Գարին Թէրզեան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|