Ահա ժամանակը հասած է, որ ամէն հայ ճանչնայ իր անձը, գիտնայ իր ով եւ ուրկէ ըլլալը, վստահի ինքն իր վրայ: Ան պէտք է իր ազգը քաջալերէ, ճանչնայ իր թշնամին եւ այլեւս չքաջալերէ անոր գործերը եւ չգովաբանէ զանոնք: Պէտք է ուժ տալ, գովել, սիրել հայկական վարժարանները, որոնց մէջ կը տրուի ամէն բան, ինչպէս՝ կրթութիւն, դաստիարակութիւն, ազգասիրութիւն, խուսափիլ օտարամոլութենէն, ճանչնալ նախնիները՝ հերոսները, թագաւորները, ֆետայիները, ճանչնայ իր հայոց պատմութիւնը եւ ամենակարեւորը՝ ուսում ջամբել իր զաւակներուն: Հայը պէտք է յաճախէ հայկական վարժարան՝ իր երկրորդ տունը: Օտարը արդեօք ո՞րչափով կը մտածէ հայու մասին: Կը սիրէ՞ հայը, կը գովէ՞ հայուն, կը կասկածիմ այս ամէնուն շուրջ: Մեր գովածին չափ անոնք չեն գովեր հայերը, հակառակը՝ կը փնտռեն ամենապզտիկ սխալը, որպէսզի ծիծաղին եւ գէշ ձեւով խօսին մեր մասին: Իսկ դուն, հայ, այս ամէնը գիտնալով, ինչո՞ւ առիթը կու տաս օտարին: Պէտք է այլեւս ամէն հայ բանայ իր աչքերը եւ տեսնէ իր դիմացը, տեսնէ եղելութիւնը, պաշտպանէ իր իրաւունքը: Ըստ ինծի՝ պէտք է հպարտօրէն քաջալերենք մեր ազգը, հայկական վարժարանները, հայկական աւանդութիւնները, մերժելով մեր թշնամին, չքաջալերել անոնց ապրանքները եւ ուղղակիօրէն չգնել զանոնք: Ամէն հայ պէտք է մեծ վստահութիւն ունենայ ինքնիր անձին վրայ: Գովենք մեր ազգը, հպարտանանք մենք մեզմով, հպարտանանք մեր ունեցած թագաւորներով եւ հերոսներով, բարձր պահենք մեր ազգը՝ խօսելով հայերէն՝ մայրենի լեզուն ամէն տեղ, պատմելով օտարներուն հայերուն պատմութիւնը, լաւութիւնները, գեղեցկութիւնները եւ փորձենք համոզել զանոնք... Մերժենք բոլոր օտար գործերը եւ չքաջալերենք զանոնք, լաւ ձեւով խօսինք մեր սիրելի ազգին մասին եւ ոչ թէ անիծելով եւ վատ բաներ խօսելով... Այս է իսկական հայը, իսկական հայու ոգին, իսկական հայասէր հայը: Քրիսթին Քէհէեան Ժ. դասարան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|