Մօրենական արմատներս եղած են Մուսա Լեռէն, ուրկէ գաղթած եկած են նախնիներս մինչեւ Լիբանան: Մեծ հօրս մեծ հայրը, Տուտազլեան ընտանիքի զաւակ, ծնած է 1840-ական թուականներուն Մուսա Լերան Հաճի-Հապիպլի գիւղը ուր ապրած է մինչեւ իր մահը: Ունեցած է 8 մանչ զաւակ: Ան ծանօթ եղած է գիւղին մէջ իբրեւ Էճէնէնց Խաչիկը: 1915-ին չբարցրանալով Ֆրանսական նաւը, կը մնայ իր գիւղը, ուր ջարդի եւ պատերազմի յետեւանքով կը կորսնցնէ իր 7 զաւակները, որոնցմէ մէկ մասը կը զոհուի իսկ միւս մասը անյայտ կը մնայ: Այդ դէպքերէն ետք միայն ողջ կը մնայ իր մէկ զաւակը՝ Պետրոսը, որ արդէն 19 տարեկան էր (ծնեալ 1886-ին): Տարիներ ետք, Պետրոս Տուտագլեան կ'ամուսնանայ Մուսա Լեռցի աղջկան մը, Սիմա Չէոնկիւլեանի հետ (ծնեալ 1898-ին), որմէ կ'ունենայ 5 զաւակ՝ Անուշ (1917), Վարդան (1918), Մարի (1920), Յակոբ (1933) (մեծ հայրս) եւ Վիքթոր (1934): Բոլորն ալ կը ծնին իրենց գիւղը՝ Հաճի-Հապիպլի: Պետրոս արհեստով սանտրագործ եղած է, բայց ան նաեւ զբաղած է հողագործութեամբ եւ հովիւութեամբ: Մեծ հայրս կը պատմէ թէ ան, կանուխ տարիքին, իր մեծ եղբօրը հետ կ'երթար իրենց ոչխարները արածելու, եւ թէ անգամ մը, երբ ինք դեռ փոքր էր, գիւղի ցորերը կորսուած է եւ բախտով շուներու վտանքէն ազատած... Յունիս 1939-ին, հրաման հասած ըլլալով գիւղերէն հեռանալ, Պետրոս Տուտագլեան կ'առնէ իր ընտանիքը եւ կ'ուղղուի դէպի Րաս-Ըլ-Պասիթ, Սուրիա, ուր կ'ընդունէին Մուսա Լեռցիները: Այդտեղ ապրած են շուրջ մէկ ամիս, տախտակէ տուներու մէջ, Ֆրանսացի զինուորներու հսկողութեան եւ ապահովութեան տակ: Սկիզբը որոշուած էր զանոնք Րաս-Ըլ-Պասիթ ձգել, սակայն յետոյ կ'որոշեն զանոնք Լիբանան փոխադրել: Եւ այդ ձեւով, Յուլիսի վերջաւորութեան, վեց գիւղերէ եկած մարդիկ կ'ուղղուին Ֆրանսական նաւերու միջոցով (ինչպէս 1915-ին) դէպի Թրիփոլի, ուրկէ Ռայաք, անկէ ալ Այնճար: Այնճարը ամբողջովին կը յատկացուի Մուսա Լեռցիներուն: Մեծ հօրս հօրը, ինչպէս նաեւ բոլորին, Ֆրանսական իշխանութիւնը կու տայ մէկ սենեակէ բաղկացած տուն մը, ապա ժամանակ մը վերջ՝ պարտէզ մը, ուր մեծ հայրս, ինչպէս իր հայրը, կ'անցընէր իր ժամանակը: Այնճարը կը բաժնեն 6 բաժիններու եւ կ'անուանեն՝ Քապուսիէ, Եօղուն-Օլուք, Խըտըր Պէկ, Հաճի-Հապիպլի, Պիթիաս եւ Վաքըֆ (յիշելով իրենց գիւղերը): Իրենց հայրենի գիւղին յիշատակով, Պետրոս կը բնակի Հաճի-Հապիպլի բաժինը: Մեծ հայրս կը յիշէ եւ կը պատմէ թէ իր հայրը՝ Պետրոս, օր մը որոշած ըլլալով գիւղ վերադառնալ, իր 5 զաւակները կը ձգէ կնոջ քով եւ ինք, երկու բարեկամներու ընկերակցութեամբ, կը վերադառնայ Հաճի-Հապիպլի... Սակայն գիւղը տեսնելով ամայի, կ'որոշէ ետ Այնճար դառնալ եւ հոն մնալ... Լիբանան հաստատուելէ մօտ 6 տարի ետք (1945-ի շուրջ) Վարդան Տուտագլեան կը զինուորագրուի Ֆրանսական Անկախ Ուժերուն մօտ, երբ դեռ մեծ հայրս 12 տարեկան էր: Այդ տարիներուն ալ, նիւթականի պակասութեան պատճառով, Յակոբ դպրոցէն տուն կը ղրկուի եւ չի կրնար շարունակել իր ուսումը, հակառակ իր խելացիութեան եւ աշխատասիրութեան: Այդ ալ շատ մեծ հետք ձգած է իր մէջ: 1953-1954 թուականին, դեռ 20-21 տարեկան երիտասարդ, մաս կը կազմէ գիւղի պաշտպանութեան խմբակին եւ, զէնքը ձեռքին, կը պահէ գիւղին սահմանները շրջակայ իսլամ գիւղերէն (որոնք անդադար կը յարձակէին գիւղին վրայ): 1966-ին Յակոբ Տուտագլեան կ’ամուսնանայ Սիմա Չափարեանի հետ, Մուսա Լեռցի աղջիկ մը որ 3 ամսուայ պզտիկ եղած էր գաղթի ատեն եւ կ’ունենայ 9 զաւակ, որոնցմէ երեքը մահացած են՝ երկուքը հազիւ ծնած (բժշկական միջոցներու պակասութեան պատճառով) իսկ միւսը արկածի հետեւանքով: Յակոբ եւ Սիմա իրենց 6 զաւակներուն կու տան Մուսա Լեռցիի կրթութիւն, փոխանցելով իրենց գիւղի մշակոյթը եւ իրենց մայրենի բարբառը... Անոնք կ'ամուսնացնեն իրենց զաւակներէն չորսը, որոնցմէ մէկը՝ մայրս: Աւելի ուշ, ընտանիքին պէտքերը ապահովելու համար, մեծ հայրս կ'աշխատի ճամբաներու շինութեան մէջ եւ ազատ ժամանակներուն կը զբաղի հողագործութեամբ իր հորմէ ժառանքած պարտէզին մէջ... Մինչեւ այսօր, մեր ընտանիքը կը պահէ իր մայրենի բարբառը, ճաշերը (ինչպէս՝ «Խուրը Թանու»ն, «Ծութընը Թրախըկ»ը, «Կրկուտէկ»ը ...) եւ երգն ու նուագը (ինչպէս՝ ՏԱՈՒԼ-ԶՈՒՐՆԱն)... Ամէն արձակուրդի, երբ Այնճար մնայի, մեծ հայրս եւ մեծ մայրս ինծի կը պատմէին իրենց յիշատակները անցեալէն եւ կը կրկնէին իրենց փափաքը վերադառնալու Մուսա Լեռ, բայց դժբախտաբար երկուգն ալ կը մահանան 2009 թուականին: Ես այսօր կ'ուզեմ իրականացնել այդ փափաքը այցելելով Մուսա Լերան գիւղերը... Հայկ Թապագեան 10-րդ դասարան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|