Մեծ հայրս տեսած չեմ, բայց երբ մտաբերեմ անոր սասունցի ըլլալը, մտովի կրնամ վերականգնել սասունցիներուն վերաբերող բոլոր առանձնայատկութիւնները եւ բնաւորութեան բոլոր գիծերը: Ո՞վ իր մանկութեան չէ կարդացած Սասունցի Դաւիթի դրուագները, ո՞վ չէ հմայուած սասունցիներու քաջութեամբ: Մօրենական կողմէ ընտանիքիս պատմութիւնը պրպտելով, տեղեկացայ, որ մեծ հայրս՝ Յովհաննէս Կարապետեանը, ծնած է 1912-ին, Սասնայ Զոք գիւղը: Մեծ Եղեռնի օրերուն կորսնցնելով իր ծնողքը՝ ինք ու քոյրը կ'որբանան: Վերջինս ականատես ըլլալով եղեռնի օրերուն երիտասարդ աղջիկներու կրած չարչարանքը, բռնաբարութիւնները՝ շուտով կը կանխատեսէ նաեւ իրեն սպառնացող վտանգը: Քաջ հայուհիի եւ յատկապէս սասունցի հայուհիի արժանապատուութիւնը թոյլ չի տար իրեն, որ կրէ իր նմաններուն անգութ ճակատագիրը: Հազիւ կը յաջողի լուցկիի տուփ մը ձեռք ձգել՝ ինքզինք կը նետէ թփուտներով խիտ տարածք մը ու կրակ տալով թուփերուն՝ վերջ կու տայ իր մատղաշ կեանքին: Ան կը նախընտրէ այրիլ, քան յանձնուիլ բարբարոսներուն: Մեծ հօրս հօրեղբայրը լսելով դժբախտութիւնը կը շալկէ մանուկ Յովհաննէսը ու իր ընտանիքի անդամներուն հետ ճամբայ կ'ելլէ դէպի Գուպին, ուր որոշ ժամանակ մը իջեւանելէ ետք կը շարունակէ իր ճամբան դէպի Գամշլի, ուր կը հաստատուի: Մեծ հօրս հօրեղբայրը խնամքով կը հոգայ ու կը խնամէ փոքրիկ Յովհաննէսը, որ իր եղբօր կողմէ միակ մնացորդն էր: Մեծ հայրս աչքի կը զարնէ ոչ միայն իր աշխատասիրութեամբ, այլ՝ անկեղծութեամբ եւ հաւատարմութեամբ: Ան վստահելի կը դառնայ ոչ միայն հայ շրջապատին, այլ նաեւ Գամշլիի տեղացի արաբ վաճառականներուն քով: Ըսուածին փաստը լաւագոյնս կը պարզուի, երբ տեղացի արաբ վաճառական մը իր հողային արտադրութիւնները կամ որեւէ բերք կշռելու խիստ պատասխանատու գործը կը յանձնէ երիտասարդ Յովհաննէսին, որը բծախնդրութեամբ կը կատարէ զայն երկար տարիներ: Գալով մեծ մօրս, որուն անունը Վարդուհի է, կը սերի Մամիկոնեան գերդաստանէն: Ան բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ եղած է: Օրին իր հայրը՝ Խաչօ Մամիկոնեանը, այնքան համակրելի անձնաւորութիւն մը եղած է, որ տեղացի քիւրտ աղաները նախանձով ու ատելութեամբ լեցուած են անոր հանդէպ: Կը պատմուի, որ այնքան վայելուչ եղած է, որ իրեն սիրահարած է քիւրտ աղային կինը, բայց սասունցիի առնական արժանապատուութիւնը, թոյլ չէ տուած, որ գայթաղի: Ան միշտ ալ հաւատարիմ մնացած է իր կնոջ ու աղջիկներուն: Քիւրտ աշիրապետին աչքին փուշ էր Խաչօն: Նախանձը այն աստիճան կը քրքուի, որ անոր դաշունահարելու անասնային որոշումը կ'առնեն ու կ'իրագործեն: Արիւնոտ հագուստները կը բերուի գիւղ:Նոյն ատեն Վարդուհիին մեծ մայրը հաց կը թխէր, երբ իր առջեւ կը նետեն իր տղուն արիւնոտ հագուստները: Հարազատները մեղմելու համար ցաւը կը փորձեն համոզել, որ նոյն տարազը նաեւ կրնայ մէկ ուրիշին ըլլալ, բայց մօր բնազդային զգացումը չէր ստեր: Քիւրտերը անգթօրէն սպաննած էին մեծ մօրս հայրը, որուն եղբայրը կ'աշխատի վրէժ լուծել խնդիրը յանձնելով իր բարեկամ քիւրտ աշիրապետին, որ կը յաջողի 12 մարդ սպաննելով վրէժ լուծել, բայց սպաննողը կը փախչի ու կ'ապաստանի քարայրի մը մէջ: Մեծ մօրս մայրը իր ամուսինին մահէն ետք կը դառնայ իր հօրենական տունը, իսկ մեծ մօրս հօրեղբայրը իր եղբօր կսկիծը սրտին՝ ժամանակը հասած կը համարէ գիւղէն հեռանալ: Կը հաւաքէ ընտանիքը ու ճամբայ կ'ելլէ դէպի Տէրիք: Հասնելէն ետք կ'աշխատի փրկել իր եղբօր աղջկան կեանքը նաեւ, ուստի ոսկի տալով վստահելի անձնաւորութեան մը, կը յաջողի մեծ մայրս իր քով բերել, իսկ միւս քոյրը կը մնայ մօրը հետ: Հետագային մեծ մօրս մայրը կը ներգաղթէ Հայաստան. երկար տարիներ ետք առիթ կ'ունենան հանդիպելու: Մեծ մօրս հօրեղբայրը ու կինը իրենց զաւակներուն հետ մեծ սիրով կը խնամեն նաեւ մեծ մայրս՝ Վարդուհին, որ կը վկայէ, թէ բոլոր առիթներուն նախ իր պէտքերը աշխատած են հոգալ, ապա՝ միւսներունը: Ջարդէն ճողոպրած այս ընտանիքին մէջ ապահով ու սիրով իր վարդ տարիքին կը հասնի Վարդուհի, երբ օր մը վաճառականին յանձնարարութեամբ բերքը կշռելու նպատակով իրենց շրջանը կ'այցելէ մեծ հայրս ու կը տեսնէ Վարդուհին: Բախտը կը միացնէ զիրենք ու կը կազմեն իրենց ընտանեկան տաքուկ բոյնը ունենալով ինը զաւակ, որոնցմէ երկուքը վաղաժամ կը հեռանան կեանքէն: Մեծ մայրս կը պատմէ, թէ կազմելէն ետք իրենց բոյնը գիշեր մը մեծ հայրս կը հաւաքէ օսմանական անձագրերը ու զայրացած կ'այրէ զանոնք: Ան կը պատմէ նաեւ, որ մեծ հայրս զինուորագրուած եղած է անգլիական բանակին մէջ եւ ծառայած անգլիական նաւատորմին վրայ մինչեւ անգլիացիներուն հեռացումը երկրէն: Մեծ հայրս՝ Յովհաննէս Կարապետեանը, մեծ դեր ունեցած է իր օրերուն Գամշլիի հայ գաղութի կազմակերպական գործերուն մէջ: Եւ որպէս ազգային հասարակական գործիչ անգամներ զրպարտուած, գործէն դուրս դրուած ու նաեւ բանտարկուած է: Բանտէն դուրս գալէն ետք ընկերոջ մը օգնութեամբ կը յաջողի բանալ իր անձնական սրճարանը: Երբ իր կեանքը մասամբ մը կը բարելաւուի, անայայտ մարդիկ, կը մտնեն սրճարան եւ կը յաջողին թունաւորել զինք թոյն լեցնելով անոր գաւաթին մէջ: Մեծ հայրս անդամալոյծ կ'ըլլայ ու մինչեւ մահ կը մնայ անշարժ իր անկողին մէջ: Մեծ հօրս ընտանիքը կը տեղափոխուի Լիբանան, ուր կ'ապրին մինչեւ այսօր: Քեռիներս եւ մօրաքոյրերս կը կրեն նաեւ տարագիր հայի ճակատագիրը ու իրենց ապրուստը ապահովելու համար կը ցրուին աշխարհով մէկ, Ֆրանսա, Ամերիկա, բայց բոլորը իրենց կարգին հայկական հարցի արդար լուծման իրենց բաժինը կը բերեն աշխատելով միութիւններու ու հայկական կազմակերպութիւններու մէջ: Ափսո՜ս, որ խրոխտ Սասունի մեր պապենական տունէն ոչ մէկ մասունք մնացած է, բայց հպարտութեամբ կրնամ ըսել, ես ինքս ինձ արդէն սասունցի կը զգամ: Այսօր Սասունը կ'ապրի մեր տան մէջ, իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ: Մայրս իր ձայնով Սասունը ոչ միայն կ'ապրեցնէ, այլ սիրել կու տայ բոլորին: Մեզի համար Սասնայ բարբառով երգելը իսկական վայելք է ու մեծ հպարտութիւն: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, որպէս նոր սերունդի ներկայացուցիչ կը խոստանամ ազգային մեր բոլոր արժէքներուն տէր կանգնիլ, պահել ու պահպանել մեր նախահայրերուն սովորութիւններն ու մանաւանդ հայ արիւնը անաղարտ պահել: Կը ցանկամ երթալ Սասուն, ծունկի գալ Սասնայ պապենական մեր հողին վրայ, մոմ ու խունկ վառել նախահայրերուս սիրելի յիշատակին համար: Նարօտ Ադամեան 10-րդ դասարան
1 Comment
Helen Manoyan Garabedian
4/30/2015 12:38:52 am
Abris Narod, shad hebard em kezmov. Shenorhagal em vor medz moret yev medz horet badmotyoune anmahatzoutzir yev poloris hed pajnetzir. Ourakh em vor yes al vayeladz em kou medz houret douni dakoug metnolorde kou medz moret hovaniyin dag. Kerichet anmar mena, abris!!!
Reply
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|