Նկատի ունենալով, որ 2015 տարին մեր Հայկական Ցեղասպանութեան առաւել քան մէկուկէս միլիոն նահատակներու 100 ամեակն է եւ ինչպէս ամէն տեղ, հանդիսաւոր կերպով զանազան նախաձեռնութիւններ տեղի պիտի ունենան ու սկսած են արդէն ունենալ աշխարհի ամբողջ տարածքին, ուր նոյնիսկ կը գտնուի մէկ հայ եւ ուր Հայութիւնը կը տարածուի յատկապէս ու մասնաւորաբար օտար շրջանակներէ ներս… փափաքեցայ մօրենական ընտանիքիս նախնիներու պատմութիւնը վերյիշել ու վերյիշեցնել յատկապէս մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնցմէ մէկը անձամբ կը պատրաստուիմ ըլլալ։
Մօրենական ընտանիքս կը բնակէր Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ քաղաքին մէջ։ Մուշ քաղաքի յատկանիշներէն մէկը շրջանի հայախօս ըլլալն էր եւ ուր հայութիւնը հաւաքուած կը փորձէր իր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը պահել ու պահպանել։ Մեր ընտանիքի անդամները 6 հոգիով նաւով գաղթեցին դէպի Լիբանան եւ հաստատուեցան Պուրճ Համուտի մէջ… սակայն դժբախտաբար անոնցմէ մէկը ՝ մեծ մօրս զարմիկը զօհուեցաւ։ Ընտանիքի անդամներս կօշկակարութեամբ կը զբաղէին ու նշանաւոր էին ամէն տեսակ կօշիկներ նորոգելու աշխատանքին մէջ։ Անոնց ծննդավայրը շատ համեստ ու պարզ էր եւ անոնք կը փորձէին իրենց թշուառութեան մէջ միշտ Աստուծոյ փառք տալ, որ Աստուած իրենց կարողութիւնն ու ոյժը կու տայ այս բոլոր դժուարութիւններուն դէմ-յանդիման գտնուիլ ու յաղթահարել։ Ներկայիս հայրս կը զբաղուի երկաթագործութեամբ… իսկ ընտանիքիս ազգանունը բարեբախտաբար փոփոխութեան չենթարկուեցաւ։ Մեր ընտանեկան ներկայ վիճակին մէջ խառն ամուսնութիւն չենք ունեցած եւ յոյսով եմ որ չենք ալ ունենար, որովհետեւ կը կարծեմ որ խառն ամուսնութեամբ հայկականութիւնը կը պարպուի մեր մէջէն ու մանաւանդ մեր նահատակներու շիրիմն ու ոսկորները հանգիստ չեն ըներ։ Մուշ քաղաքէն որպէս աւամդ այսօր պահպանուած է մէկ բան եւ այդ մէկը մեծ մօրս զարմիկին հրաշալի հրացանն է, որ ամէն ամգամ երբ որսորդութեան կ՚երթար, այդ հրացանը միշտ իր հետ էր եւ կարծէք իր կեանքի անբաժան ընկերն էր։ Ընտանիքս Լիբանան հաստատուեցաւ 1915-ի ջարդերէն ճողոպրած եւ հասան 1930-ական թուականներուն, երբ Սիսէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը փոխադրուէր Հալէպ եւ ապա Լիբանանի մէջ գտնուող նարնջենիներու մայրը՝ Անթիլիաս շրջանը։ Այժմ մենք կը բնակինք Անթիլիասի շրջանէն դէպի վեր բարձոինքի մը վրայ, որ կը կոչուի Ծաղկաձոր(Մըզհէր)։ Լիբանան հաստատուելէն ետք, որոշ ժամանակ մեծ մօրս քով մնալէն ետք փոխադրուեցանք Անթիլիասի շրջանը։ Ընտանիքիս անդամները այսօր գրեթէ Լիբանան կը գտնուին, իսկ գերդաստանս շատ երկիրներ, ինչպէս Ամերիկա, Գանատա, Հալէպ եւ այլ տեղեր եւ իւրաքանչիւրը վստահ իր մեծ ներդրումը կ՚ ունենայ Հայկական հարցերով, ազգային թէ եկեղեցական կեանքէն ներս, Հայ Դատի ճամբով եւ այլ զանազան տեսակի ձեւերով։ Վերջապէս, այսօր եթէ ես իմ պապերուս ծննդավայրը ապրէի, պիտի ուզէի ուրիշներուն եւս բարի օրինակ ըլլալ այցելելու իրենց պապենական հողը, համբուրելու եւ դիտելութշնամիին կողմէ կատարուած տեղահանութիւնը եւ ինչու չէ օր մը զանոնք վերանորոգելու յոյսով ապրելու եւ մեր նորօրեայ սերունդի զաւակներուն օգտակար դառնալու, վերադարնալու իրենց պապենական եւ Ս. Հողին վրայ մեր հայրենիքի եռագոյնը անգամ մը եւս ծածանեցնելու։ Թող այս ընտանեկան պատմութիւնս ձօնուած ըլլայ մեր նահատակներու յիշատակին եւ թող անոնց թափած արիւնը պարապ տեղ չհոսի եւ մենք որպէս պատանիներ, մեր երթը շարունակենք դէպի յաղթանակ ուպահանջատիրական ոգիով դէպի մեր Հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր։ Քրիսդէլ Աշճեան 11- րդ դասարան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|