Մեր քա՛ջ հայ զինուոր,
Իմ անունս Գարմէն է, եւ 8 տարեկան եմ եւ կ'ապրիմ Լիբանան: Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ծառայութեան եւ անվախութեան: Դուք շատ քաջ էք եւ ուժեղ. Եւ ալ ձեզմով ուժեղ եմ: Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, կը մաղթեմ նաեւ, որ այլեւս պատերազմներ չըլլան, որպէսզի բոլորս խաղաղ ապրինք: Գարմէն Եագուպ *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ զինուոր, Դուն կը պաշտպանես մեր հայրենիքը, մենք քեզմով կը հպարտանանք, որովհետեւ թշնամիին դէմ կը կռուիս եւ կը պահես Հայաստանը: Այսօր Հայաստանըկայ եւ պիտի մնայ շնորհիւ քեզ: Գիշեր ցերեկ կը հսկես մեր հողերը եւ հայութիւնը: Դուն միշտ քաջ ես, որովհետեւ ունիս հայու խիզախ ոգի, կը մաղթեմ առողջութիւն եւ յաջողութիւն, քեզ միշտ սիրող եւ յարգող` Քրիսթ Տուտագլեան *************************************************************************************************************************** Հայ զինուորները քաջ են: Անոնք զինուոր եղած են եւ հեռացած իրենց ընտանիքներէն, որպէսզի պայքարին, կռուին եւ պաշտպանեն մեր քաղաքը: Հայ զինուորները միշտ քաջ կ'ըլլան, պատրաստ թշնամիներուն դէմ կռուելու, անոնք ամէն տեսակէտով մարզուած են, որ պաշտպանեն իրենց հայրենիքը: Ես շատ կը սիրեմ հայ զինուորները, որովհետեւ առանց իրենց հայրենիքը ըմաստ չունենար: Ռիթա Բէբէեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի հայ զինուոր, Իմ սիրելի քաջարի հայ զինուոր, դուն ձգեցիր տունդ եւ ընտանիդ ազգիդ համար, կը պայքարիս թշնամիին դէմ, որ մենք ունենանք ազատ անկախ Հայաստան: Հպարտ եմ, որ արի զինուորներ ունինք, որոնք կը պաշտպանեն մեր սահմանները: Աստուած ձեր հետ ըլլայ ամէնուրէք: Ես քաջ Անդրանիկին թոռն եմ: Երբ մեծնամ, կը փափաքիմ ձեզի պէս զինուոր ըլլամ, պաշտպանեմ հայրենիքս, կրօնքս ու լեզուս: Կեցցէ՛ք հայ զինուորներ: Կի Գալուստ *************************************************************************************************************************** Ո՛վ քաջ հայ զինուոր, Այս երախտագիտական նամակովս, ես քեզի շատ մեծ շնորհակալութիւն մը պիիտ յայտնեմ: Դուն ես, որ քու արեամբդ, կը պաշտպանես Հայաստանը՝ մեր մայրենի հայրենիքը: Առանց քեզի Ղարաբաղն ալ պիտի գրաւուէր թշնամիին կողմէ, բայց դոպն քու արեան վերջին կաթիլով նոյնիսկ կը պայքարիս: Շատ արդար է, որ քու անունդ կը յիշուի դարէ-դար, սերունդէ-սերունդ, քանի որ, ինչ ալ ըլլայ չես հրաժարիր հայրենիքէդ: Ո՛վ հայ զինուոր, մենք՝ հայերս, միշտ հպարտ կը զգանք ձեզի պէս բանակ մը ունենալով, որովհետեւ առանց ձեզի մենք այսօր ձուլումի ենթարկուած պիտի ըլլայինք: Կարօ Սահակեան *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ զինուոր, Գիտեմ, որ ընտանիքդ ձգած գացած ես կռուելու հայրենի հողը պաշտպանելու համար: Շնորհակալութիւն կը յայնեմ քեզի, հայրենիքիդ տէր կանգնելու համար: Ալիք Ազնաւուրեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի հայ զինուոր, Ես քեզ չեմ ճանչնար, բայց քու մասիդ շա՜տ լսած եմ եւ քու նկարներդ կը տեսնեմ: Դուն քաջ ես եւ կեանքիդ գնովը մեր հայրենիքը կը պաշտպանես: Ես ալ քեզի նման կը պաշտպանեմ հայրենիքս հայերէն դասերս լաւ սորվելով: Շնորահակալութիւն կը յայտնեմ քեզի: Սիրով` Հրակ Գլընճեան *************************************************************************************************************************** Ո՛վ քաջ հայ զինուոր, Շնորհիւ քու քաջութեանդ, հայրենիքս ապահով կ'ապրի: Դուն կը պաշտպանես մեր քրիստոնէութիւնը: Գիտենք, որ անցեալ տարի թշնամիդ դէմ ճակատ բռնած քաջ ընկերնրովդ շպրտեցիր զինք կեանքիդ գնովդ հայրենիքէդ դուրս: Անի Թաշճեան *************************************************************************************************************************** Բարեւ հայ զինուոր, Իմ հայրենիքիս պաշտպան: Այս պատճառով կու գամ քեզի, յայտնելու իմ շնորհակալութիւններս, քեզի եւ բոլոր հայ զինուորներուն: Ուրախ եմ որ դուք կաք: Ձեր պատճառով ունինք հզօր եւ անկախ հայրենիք մը: Ես ամէն օր կ'աղօթեմ Աստուծոյ, որ ձեզ պահէ եւ պաշտպանէ: Հպարտ եմ ձեզմով: Ձեզի միշտ սիրող Ռիթա: Ռիթա Կէօզիւկիւչիւքեան *************************************************************************************************************************** Ես Անդրէաս Տէր Յարութիւննեանն եմ, Լիբանանէն, Կու գամ ձեզ շնորհաւորելու հայ զինուորներ, որ գիշեր ու ցերեկ կը հսկէք մեր հայրենիքի սահմանները: Դուք յաճախ մեր սահմանին վրայ թշնամիին դէմ զոհ կու տաք վասն հայրենիքի պաշտպանութեան: Աստուած ձեր ուժը ու քաջութիւնը պահպանէ: Անդրէաս Տէր Յարութիւնեան *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ զինուոր սիրելի, Շնորհակալ եմ ես քեզի, որ մեր հայրենիքի սիրոյն պատրաստ ես մինչեւ կեանքդ զոհելու. Գիշեր ցերեկ հսկելով եւ անքուն մնալով, որ մենք եւ մեր հայրենիքը ապրի խաղաղ եւ ուրախ: Ես ալ քեզմէ օրինակ առնելով՝ հայրենիքս կը պաշտպանեմ հայերէն եւ հայոց պատմութեան դասերս լաւ սորվելով: Սարգիս Նազլիքեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի՛ հայ զինոուր, Ես՝ Նաթէլ Էզաճեան երրորդ դասարանի աշակերտուհի Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի, կ'ուզեմ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որ ընտանիքդ եւ տաքուկ անկողինդ ձգելով, գիշեր-ցերեկ կը պաշտպանես մեր հայրենիքը: Հպարտ եմ քեզմով, որ կառչած ես հողիդ, կը կռուիս արեանդ գնով զայն պահպանելու համար: Քու շնորհիւդ է, որ այսօր հայրենիքս ապահով ձեռքերու մէջ է: Աստուած հետդ հայ զինուոր: Կ'աղօթեմ քեզի համար, որ մնաս առողջ եւ անփորձանք վերադառնաս ընտանիքիդ: Նաթէլ Էզաճեան *************************************************************************************************************************** Բարե՛ւ, սիրելի՛ հայ զինուոր, Ես Հրակ Թառայեանն եմ, ութ տարեկան եմ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի Գ. կարգի աշակերտ եմ եւ հայոց լեզուն ու հայոց պատմութիւնը շատ կը սիրեմ: Եղբայրս՝ Արեգը, հինգ տարեկան է եւ մեր երկուքին երազն է մեծնալ եւ հայ զինուոր դառնալ, պաշտպանել մեր հայրենիքին սահմանները եւ ազատագրել Հայաստանը բոլոր թշնամիներէն: Այս նամակովս կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որ կեանքդ կը վտանգես մեր սիրելի հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին համար: Կ'աղօթեմ, որ Աստուած պահէ, պաշտպանէ քեզ եւ բոլոր հայ զինուորները եւ իրականացնենք մեր բոլորին երազը՝ Ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանը: Բարեւներս եւ համբոյրներս հասցո՛ւր սիրելի մօրդ, որ ծնած է քեզի պէս հերոս: Կեցցե՛ն հայ մայրերը: Հրակ Թառայեան *************************************************************************************************************************** Բարեւ սիրելի հոծիս պաշտպան հայ զինուոր, Շատ մեծ հպարտութիւն եւ պարծանք կը զգամ, երբ գիտեմ հայոց սահմանը կը հսկեն ձեզ նման ուժեղ, խելացի, անվախ եւ հայրենասէր զինուորներ: Հայ հերոսներ, շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել ձեզի, որ հակառակ ձմրան սաստիկ ցուրտին դո՛ւք կանգնած՝ կը պաշտպանէք մեր սահմանները թշնամու ձեռքէն: Դուք որ ձեր կեանքի գնով կը պահէք մեր սուրբ հողը, գիտեմ որ ձեր ուսերուն վրայ կը կրէք ազգին ապահովութիւնը: Առանց ձեզ չկայ ո՛չ ազգ, ո՛չ պետութիւն: Կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ միշտ ձեզի հետ ըլլայ եւ կատարէք ձեր սուրբ երդումը եւ ողջ առողջ վերադառնաք ձեր ծնողներուն եւ սիրելիներուն: Բոլոր սրտովս կը մաղթեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեզի հետ ըլլայ: Յաւերժ փառք ձեզի հայ զինուորներ: Սէրլի Թէրզեան *************************************************************************************************************************** Իմ սիրելի հայ զինուոր, Դուն ես պաշտպանը մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին, հեռու ես ընտանիքէդ եւ ծնողքէդ, արթուն աչք մը ըլլալով քու հայրենիքդ կը պաշտպանես մեր թշնամիներէն: Սիրելի՛ զինուոր քեզի կը մաղթեմ յաւելեալ յաղթանակներ եւ անվնաս վերադարձ քո մօր գիրկը: Դալար Մայիսեան ***************************************************************************************************************************
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|