«Ես, երկնքի փառաւոր բարձունքներէն կը շնչեմ իբրեւ ոգի մը անմահ, կը խօսիմ յաւերժական ձայնով: Ես, մեր հայոց պատմութեան պատուաբեր եւ պանծալի էջերէն յայտնուած մնայուն ներկայութիւն եմ»:
«Ես, հերոս Վարդան, ամբողջ հայ ազգին պատմութեան անհատականութեան ամրապնդման, հայադրոշմ դիմագիծի նորոգման, հայոց գիրով եւ մշակոյթով գոյութիւնը հաստատող ուղեգիծին դրօշն ու դրօշակակիրն եմ:» «Քրիստոնէութեան եւ հայրենիքի պաշպանութեան, քրիստոսադաւան հաւատքի անսասանութեան եւ հայ մշակոյթի յաւերժութեան դրօշակակիրն եմ: Քրիստոս, հայրենիք եւ ժողովուրդ նոյնացած են իմ հայկականութեան ըմբռնումիս մէջ, անոնցմով զօրացած եւ զօրացուցած իմ ժողովուրդս:» «Բայց, մենք մեր անցեալի արժէքներով հպարտանալով հանդերձ, Ես Վարդան Մամիկոնեան, աւա՜ղ, կ'ողբամ այսօրուան դրութիւնը, երբ հայրենիքը կը տառապի մշակութազրկութենէ, իսկ սփիւռքը՝ հոգեհան ամլացումէ եւ լճացումէ: Իմ հոգեւոր պատերազմս մղեցի հայրենի հողի պաշտպանութեան համար, քրիստոսով մեր հաւատքը ամրապնդելու համար: Սակայն մեր հոգեւոր շնորհքներուն սպառնացողները այսօր Քրիստոսի դէմ հաւատուրացումն է, նիւթապաշտութիւնն է, օտարամոլութիւնն է, օտար դպրոցներ յաճախելն է, օտար ամուսնութիւններ կնքելն է, մեղսակցութիւնն է, այլասերումն է: Գիտէ՞ք թէ կրօնափոխութիւնը քրիստոնէի մը համար Քրիստոսի առջեւ մահացու մեղանչում է, իսկ ազգի ըմբռնումով՝ հայրենադաւութիւն»: «Հիմա՞ ալ լռենք, եղբայրք, այս արհաւիրքներուն առջեւ. հիմա՞ ալ, ո՛չ, երբե՛ք. Մենք որ ունինք հոգի ու սիրտ քաջ. Ե՛կ անվախ ելնենք թշնամու առաջ: Ուխտեցէ՛ք, սիրելիներս, ինչպէս ես կատարեցի Աւարայրին մէջ, հաւատարիմ եւ կառչած մնալ Քրիստոսի եւ հայրենիքի հանդէպ անխախտ սիրոյն եւ այս սիրով տոգորուած ապրելու եւ մեռնելու: Զանազանեցէ՛ք չարը բարիէն, հոգեւորը նիւթէն, ճշմարիտը կեղծէն:» «Սթափեցէ՛ք այլեւս իմ արիւնս կրող հայրենակիցներս եւ 16 դար առաջ ապրած հայուն պէս դաւանեցէ՛ք որ մեր հայ ազգին գոյութեան եւ գոյատեւման հիմերն են Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատքը, հողը, լեզուն, Գիրը եւ մշակոյթը պահպանելը: Չմոռնա՛ք Եղիշէ Չարենցին խօսքը թէ մեր զօրութիւնը մեր միասնականութեան մէջն է: Կը յորդորեմ ձեզ չվհատիլ այսօրուայ «Յակերտներու» եւ հեթանոսներու բազմութենէն եւ ուժէն. Այլ զիրար սիրելով, պայգարեցէ՛ք իմաստութեամբ այն բոլոր սուտ վկաներուն դէմ որոնք ձեզ կը շեղեցնեն մեր հայու ինքնութենէն, մեր պապերու հաւատքէն, իմ հաւատքէս որուն համար արիւն թափելով ազգովին գոյապայքարի դիւցազներգութիւնը կերտեցինք»: «Ես միշտ ձեր սիրուած հերոսը, կը պատուիրեմ. Ո՛վ հայեր սեւերեցէ՛ք ձեր աչքերը հաւատքի պետին, Քրիստոսին որ ըսաւ.« Քաջալերուեցէ՛ք, ես յաղթեցի չարին». Նաեւ ամէն անձ թող ըլլայ նոր Վարդան մը, որ քաջաբար ո՛չ ըսէ քրիստոնէութենէ եւ հայութենէ հեռացնող բոլոր խորթութիւններուն: Ձեր փրկութիւնը կը կայանայ նոր Վարդաններ դառնալու մէջ: «Հաստատեցէ՛ք որ իմացեալ մահը, զոհաբերուող եւ ազգանուէր կեանքը անմահութիւն է, իսկ եսակեդրոն եւ մեղանչական կեանքը՝ մահ»: «Այս սրբազան պայքարին ուխտի օրն է այսօր. Ուրեմն, օ՛ն յառաջ. Սրբացէ՛ք եւ շարունակեցէ՛ք իմ քայլերովս Աւարայրի երթը: Փափաքս է որ գործադրէք այս անմահ պատգամս ամէնուր եւ ընդմիշտ»: Եղիկ Պետրոսեան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|