26 Մայիս, 2015-ին 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դէպի նախակրթարանի բակը, ուր իրենց կը սպասէին EcoTruck-ը եւ Լիբանանի Արեգակնային Ուժի Կազմակերպութեան (Lebanese Solar Energy Society - LSES) ներկայացուցիչները:
Աշակերտները մօտ մէկ ժամ անցուցին այդտեղ` ծանօթացան վերականգնուող ուժերուն եւ անոնց գործածման ձեւերուն եւ ներկայացումը աւարտեցին ծանօթանալով EcoTruck-ի բաղադրիչ ելեկտրական միջոցներուն: Աւարտին, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները իրենց հետ տանելով կարեւոր տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ արդի ելեկտրական միջոցներուն մասին: Հայկ Թապաքեան
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|