Սիրելի հայ բանակին զինուոր,
Ես՝ Լորի Նիքոլեան, 8 տարեկան, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան յաճախող աշակերտուհի, հպարտ եմ քեզմով: Դուն մեր հայրենիքը պաշտպանող թշնամիին դէմ: Հայ զինուոր, քաջ զինուոր, Աստուած օրհնէ քեզ ու քու կամքդ զօրաւոր պահէ: Լորի Նիքոլեան *************************************************************************************************************************** Բարեւ մեր սիրելի Արցախի զինուորներ, Դուք մեր հայերուն պահապան հրեշտակն էք: Շատ շնորհակալ ենք, որ դուք ներկայ էք եւ կը պաշտպանէք մեզի, որպէսզի հանգիստ քնանանք: Դուք մեր հպարտութիւնն էք եւ Աստուած ձեզ թող միտշ պահապան ըլլայ՝ բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթեմ իմ քաջ զինուորներուն: Անթոնի Արզումանեան *************************************************************************************************************************** Սիրելի հայ զինուոր, Գիտեմ որքան քաջ եւ հայրենասէր ես, քանի որ հայ ես: Աստուած փրկէ քեզ: Երբ մեծնամ քեզի պէս զինուոր պիտի ըլլամ, որպէսզի պաշտպանեմ իմ հայրենիքս: Ռայան Իտ *************************************************************************************************************************** Ո՛վ հայ, քաջ զինուորներ, Ձեր արիւնը անմահ է: Սիրտն է հայ ժողովուրդին որ քաջ զինուորներ, որ ձեր հայրենիքը ցիշեր-ցերեկ կը պաշտպանէք: Աստուած ձեզ օրհնէ եւ պահպանէ մեր անյաղթ թշնամիներէն: Դուք էք Հայաստանի փայլուն լոյսն ու աստղը: Կամք եւ ուժ ըլլայ ձեր վրայ: Դուք էք սարերը մեր, յաղթող դրօշակները: Բայց մեր միասնական ուժը բանալին է յաղթութեան: Իբրեւ իմ վերջին խօսքս ձեզ հայ ու քաջ զինուորներ յաջողութիւն բերէ Աստուած ձեր հոգիներուն մէջ: Լարա Գասէմճեան ***************************************************************************************************************************
0 Comments
Leave a Reply. |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|