Ըլլալով Կոմիտաս վարդապետի «Գուսան» վերականգնեալ երգչախումբի անդամ, անմոռանալի պահեր ապրեցայ, Հոկտեմբեր ամսուն առաջին շաբաթավերջը մասնակցելով Պոլսէն ժամանած Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց երգչախումբի բարձրորակ եւ մասնագիտական համերգին: Շնորհակալ եմ Լիբանանի Համազգայինի շրջանային վարչութեան, որ ինծի եւ ամբողջ լիբանանահայութեան այս գեղեցիկ աոիթը ընծայեց : 'Նախքան երգչախումբը Լիբանան ժամանէ, ան տարիներու փորձառութիւն ունի:Իր կատարած տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը միշտ եղած է գեղեցիկը, նուրբը,երգի արժէքը բարձրաձնելով ու լաւագոյնը ներկայացնելով: Ան հիմնուած է իբրեւ դպրաց դաս 1909-ին:1932-ին կազմաւորուած է իբրեւ արական բազմաձայն երգչախումբ: Կատարած է կոմիտասեան եւ Եկմալեան պատարագներու բազմաձայն երգեցողութիւնները` նախ իբրեւ արական, իսկ հետագային իբրեւ խառն երգչախումբ: 1985-էն սկսեալ, հոգեւոր երաժշտութեան առընթեր, ներկայացած է հանրութեան սինֆոնիք ստեղծագործութիւններով, տարբեր համերգասրահներու մէջ (տեղական ու միջազգային): Երգչախումբը ունի իր կազմը՝ անոր ղեկավարն է Բարեշնորհ Ատրուշան սրկ. Հալաճեանը, ու դպրապետն է Բարեշնորհ Սեդրակ սրկ. Տաւութեանը: Երգչախումբը կը բաղկանայ եկեղեցւոյ սպասաւորներէ որոնք 17էն 70 տարեկան խաւի մէջ Պոլսոյ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ հայ գաղութի հայրենակիցներէն: Հետաքրքրականն է ի տարբերութիւն Լիբանանահայ երգչախումբերու եւ դպրաց դասերու, երգչախումբին մէջ կը գտնուին ընտանիքի անդամները՝ հայր, մայր, որդի, քոյր եղբայր....: Նաեւ ան ըլլալով դպրաց դաս հասած է մասնագիտական եւ բարձր որակի ներկայացումին, ինչ որ կը պակսի այսօր մեր լիաբանանհայ իրականութեան մէջ: Երգչախումբը ինչպէս Պոլսոյ բոլոր երգչախումբերը՝ անոնք ամենէն դժուար օրերէն ցայսօր կը գոյատեւեն պահպանելով Հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերու գանձը, թրքական ամենանշանաւոր քաղաքին մէջ: Երգչախումբը չմնալով նեղ Պոլսոյ շրջապատին մէջ՝ ան երգած է Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ (2010) եւ Տիգրանակերտի Ս.Կիրակոս(2011) եկեղեցիներու բացման պատարագին:իր մասնակցութիւնը բերաւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին, Հայաստանի մէջ(2012): Նոյն տարուան աւարտին Միւնիխի մէջ աշխարհիկ համերգով ներկայացաւ Գերմանիոյ երաժշտասէրներուն: Ու այս տարի Յունաստանի Գոմոթինիի մէջ հնչեցուց հայ արուեստը: Անոնք չորս օրեր մեր գաղութին մէջ ապրեցան ու ապրեցուցին վաղեմի հայ Պոլիսը մեզ ներկայացնելով Կոմիտաս պատարագը, հայրենասիրական երգերը եւ արեւմտեան դասական գործեր: Այսպէս ծնաւ սլաք մը Լիբանան-Պոլիս հայկական կապը, որով պիտի շարունակուի իրար հետ, զօրանալով ոչ- հայրենի տարածքներու վրայ, հայապահպանութեան ի խնդիր: Ֆիլիփ Ժինեան 12 րդ դասարան- գրական 9 Նոյեմբեր 2014
0 Comments
20-րդ դարու հայ քնարերգութեան շողշողուն աստղին՝ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 100 ամեակն է այս տարի: Հայ սերունդներու յիշողութեան մէջ Շիրազի դէմքը անջնջելիօրէն քանդակուած է իբրեւ Մարտունակ եւ խրոխտ երգիչը Մասիսի տուն դարձին, սփիւռքի հայապահպանումին ու հայրենադարձութեան, հայկական իրաւունքի ու արդարութեան վերականգնումին, հայ դատի պայքարին եւ արիւնոտ այդ ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն... Հայ գրականութեան մեծ անդաստանէն ներս, Շիրազ յաջողեցաւ անզուգական տեղ ու դիրք նուաճել, որովհետեւ օժտուած էր քնարերգակի տաղանդով: Ան հանդիսացաւ սիրտի ու միտքի հոգեհարազատ հայ բանաստեղծը: Շատ ու շատ տարիներ կ'անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով մեր աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ մրմնջել, նաեւ գոռալ՝ յանուն արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս սարի տուն դարձին: Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 100 ամեակն է... հանճարները չունին ծննդեան ու մահուան օրեր, անոնք սոսկ պայմանական շրջագիծեր են, որովհետեւ անոնց ծնունդը թելադրած է երկինքը, իսկ յաւերժութեան ճամբան Աստուծոյ հրաշքն է՝ բոլոր օրերու եւ տարիներու մէջ սփռուած... Սթեֆանի Պալթայեան 28 Հոկտեմբեր 2014, Թարգմանչաց տօնակատարութեան Մենք այսօր հաւաքուած ենք տօնելու Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Սոյն տօնը յառաջ եկաւ այն իրականութենէն , որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Քրիստոսէ ետք 404-406 թուականին, Այբուբենը ստեղծելով՝ իր աշակերտներուն հետ միասին լծուեցաւ տքնաջան աշխատանքի եւ հայերէնի թարգմանեցին օտար լեզուներով գրուած գիրքեր:
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները առաջին անգամ թարգմանեցին Աստուածաշունչ մատեանը: Անոր թարգմանութիւնը այնքա՜ն գեղեցիկ ու հրաշալի էր, որ կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց», այսինքն՝ թարգմանութիւններու թագուհին: Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մահէն ետք, իր դաստիարակած աշակերտները, ինչպէս՝ Կորիւնը, Եղիշէն, եւ ուրիշներ, թարգմանելու աշխատանքը շարունակեցին եւ անոր կողքին գրեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, աշխարհագրութեան, Քրիստոնէական կրօնքին եւ այլ հարցերու վերաբերող գիրքեր: Ասոր շնորհիւ պատճառ հայոց լեզուն կատարեալ դարձաւ եւ մշակոյթը զարգացաւ: Հայ եկեղեցին անմահացուցած է Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն կատարած սրբազան գործը, հաստատելով Թարգմանչաց տօնը, որ կը զուգադիպի տարուան Հոկտեմբեր ամսուն: Մեր եկեղեցին նաեւ սրբացուցած է Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը եւ թարգմանիչ վարդապետները: Ուստի, հարկ է, որ Թարգմանչաց տօնը ըլլայ իւրաքանչիւր հայու համար՝ ուխտի վերանորոգման տօն, ուխտ՝ տէր կանգնելու մեր այբուբենին, մեր լեզուին եւ յարատեւ կառչած մնալով մեր դարաւոր մշակոյթին, զոր կտակեցին մեզի մեր նախնիները: Լորի Քեշիշեան 23 Հոկտեմբեր, 2014 |
ՄԵՆՔՄեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտներ Արխիւ
April 2015
Categories
All
|